ՀՅԴ-ական Գերասիմ Վարդանեանը քիչ առաջ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ, որ մանթատէն հրաժարելու դիմում ներկայացուցած է։
Վարդանեանը Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի ներկայացուցած «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւորի թեկնածուներու ընտրական ցուցակին մէջ 49-րդ համարն էր։ Ըստ այդմ՝ մանթատը կը փոխանցուի ցուցակի յաջորդ համար Լեւոն Քոչարեանին՝ Ռոպերթ Քոչարդեանի որդիին։
Յիշեցնենք, որ Քոչարեանն այս պահուն կալանաւորուած է։