image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումը կը սպասուի 2026-ի առաջին կէսին. Ֆիտան

Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումը կը սպասուի 2026-ի առաջին կէսին. Ֆիտան

Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը կը սպասուի 2026-ի առաջին կէսին, հաղորդած է Անատոլիի գործակալութիւնը։

«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ վերջնական համաձայնագիրը ստորագրելուն պէս մենք եւս արագ կը կարգաւորենք մեր յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ»,- ըսած է նախարարը: