image

Հայ ժողովուրդի հետ միասին կը սգանք 1988 թուականին Սումկայիթի մէջ սպանուածներու համար. ԱՄՆ դեսպանութիւն

Հայ ժողովուրդի հետ միասին կը սգանք 1988 թուականին Սումկայիթի մէջ սպանուածներու համար. ԱՄՆ դեսպանութիւն

Հայաստանի մէջ Ամերիկայի դեսպանութիւնը հաղորդագրութիւն տարածած է, նշելով, որ հայ ժողովուրդի հետ միասին կը սգայ 1988 թուականին Սումկայիթի մէջ սպանուածներու համար:

«Այսօր մենք հայ ժողովուրդի հետ միասին կը սգանք 1988 թուականին Սումկայիթի մէջ բոլոր սպանուածները եւ մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք զոհերու ընտանիքներուն, բոլոր տուժածներուն ու տեղահանուածներուն։ Մենք պիտի շարունակենք աշխատիլ տարածաշրջանին մէջ յանուն խաղաղութեան, որ այսօրինակ ողբերգութիւնները չկրկնուին»,- նշուած է ԱՄՆ դեսպանութեան հաղորդագրութեան մէջ:

36 տարի առաջ այս օրերուն՝ փետրուար 27-29-ը, իրականացուած են Սումկայիթ քաղաքի հայ բնակչութեան ջարդերը, որոնց զոհ գացած են հարիւրաւոր հայեր, այդ շարքին՝ կանայք, երեխաներ եւ ծերեր, իսկ հազարաւորները բռնի տեղահանուած են: