Աւելի քան ակներեւ է, որ օրեր առաջ Յունաստանի Գոմոթինի քաղաքին մէջ օրհնուած ու հանրութեան ներկայացուած խաչքարի տեղադրման աշխատանքը նախաձեռնութիւնն է Յունաստանի փոխ-առաջնորդ, համայնքին մէջ իւրայատուկ առաքելութեան տէր հանդիսացող, երիտասարդ եւ արի միաբան՝ Գերպ. Տ. Յովհաննէս ծ.վրդ. Սաղտըճեանին, որ անգամ մը եւս կը փաստագրէ նուիրական գործով առանձնանալու երեւելի երեւոյթը։
Միաբան, որ երեւոյթներէ եւ տեսարաններէ ու պաշտօններէ անդին կը հաւատայ իր առաքելութեան յար եւ նման Անթիլիասի մեծ ու վսեմական հոգեւորականներու փաղանգին, որոնք իրենց անունի ոսկեայ տառերով փորագրած են մեր եկեղեցւոյ պատմութեան էջերուն։
21 հոկտեմբերին, Յունաստանի Գոմոթինի քաղաքի հայոց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցած է բացումը Խաչքարին նուիրուած յունական-հայկական բարեկամութեան:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Յունաստանի իր աղբիւրէն։
Նշենք, որ խաչքարի բացման հանդիսաւոր արարողութեան մասին հանգամանաւոր կերպով անդրադարձած է յունական «Խրոնոս» պարբերականը եւ այն թարգմանաբար կը ներկայացնենք ստորեւ։
«Խրոնոս» կը գրէ ՝
Հայաստանի եւ Յունաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին առթիւ տեղի ունեցած այս արարողութեան ներկայ եղած է յունահայոց թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ արք. Խաչերեան, ինչպէս նաեւ հոգեւորականներ, պաշտօնական եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչը, տարածաշրջանի կազմակերպութիւններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ այլ կարեւոր դէմքեր:
Խաչքարի բացման միջոցառումը տեղի ունեցած է հովանաւորութեամբ Յունաստանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Տիար Տիգրան Մկրտչեանի, նուիրատուութեամբ՝ Երեւանի մէջ գործող՝ Hyland construction company-ին: Իսկ արարողութեան եւ յուշարձանի գաղափարը կը պատկանի Յունաստանի Հայոց Թեմի առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Յովհաննէս ծ. վրդ. Սաղտըճեանին։ Տուֆէ պատրաստուած խաչքարը քանդակագործուած է Հայաստանի մէջ եւ անոր աւարտումը տեւած է մօտ 2 տարի։ խաչքարին վրայ բացի հայկական տարրերէն, երեւելի են նաեւ յունական մոթիֆներ, ինչպէս օրինակ՝ պարագիծի շուրջ օձապտոյտ նշանը, որ կը խորհրդանշէ Յունաստանը։ Յուշարձանը կը կշռէ մէկ թոն, եւ Հայաստանի պատերազմի պատճառով նախ հասած է Փիրէոս նաւահանգիստ եւ ապա գոմոթոնի: Խաչքարը կը խորհրդանշէ ապագայի նկատմամբ յոյս, խաղաղ համակեցութիւն, միասնութիւն , համերաշխութեան, ընդհանուր հաւատքի եւ ճակատագրի կապեր հայ եւ յոյն եղբայրական ժողովուրդներուն միջեւ։
Հարկ է նշել, որ խաչքարերը կը ներկայացնեն հայկական ոգին ու մշակոյթը եւ ընդգրկուած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ոչ նիւթական ժառանգութեան ցանկին մէջ։
Խաչքարեր տեղադրուած են նաեւ Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի հրապարակներուն վրայ եւ այդ խաչքարերը ուղարկուած են Հայաստանէն առ ի երախտագիտութիւն Յունաստանին, անոր ցուցաբերած օգնութեան, 1988-ի աւերիչ եւ մահացու երկրաշարժերու ժամանակ:
Յունաստանի մօտ ՀՀ դեսպանի ուղերձին մէջ, որ ընթերցած է հիւպատոս Արթուր Օհանեան, նշուած է, որ 30 տարի առաջ, դիւանագիտական յարաբերութիւնները հաստատուելէն ի վեր, կան հնարաւորութիւններ եւ պայմաններ խորացնելու յոյն-հայկական բարեկամութիւնը ընդլայնելով այն ռազմավարական մակարդակով:
Արարողութեան ներկայ յոյն ներկայացուցիչներն իրենց կարգին ելոյթներ ունեցած են, ինչպէս Կրօնական հարցերու գլխաւոր քարտուղար Կիորկոս Քալանցիս, պատգամաւոր Էվրիփիտիս Սթիլիանիտիս: Քոմոթինիի նահանգապետի մաղթանքները փոխանցած է Քոմոթինիի քաղաքային խորհուրդի նախագահ Քլէոփաթրա Սթոկիաննիտու:
Քալանցիս իր խօսքին մէջ նշած է, որ յոյները, հայերը եւ ասորիները այն երեք քրիստոնէական համայնքներն էին, որոնք ամենաբարձր գինը վճարեցին, երիտթուրքերու եւ Քեմալ Աթաթուրքի թրքական ազգային պետութիւն ստեղծելու որոշման հետեւանքով:
Իսկ Գոմոթինիի հայ գաղութի նախագահ Ստեփան Մատթէոսեան ըսած է, որ «Այս յուշարձանը կ'արտայայտէ երրորդ սերունդի զգացումները, սէրը հանդէպ մայր հայրենիք, սէրը առ Յունաստան, եւ յարգանքը առ մեր նախնիները»:
Այս առիթով իր սրտաբուխ մաղթանքներն ու շնորհաւորութիւնը ուղարկած է նաեւ Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի արքեպիսկոպոս Հիերոնիմոս բնորոշելով խաչքարը, որպէս՝ «Խաղաղութեան զէնք»: Այն Քրիստոսի Խաչն է, քարն է, ժայռն է, որուն վրայ պատիւ պիտի ստանայ հայերու եւ յոյներու բարեկամութիւնը։
Իր կարգին Յունաստանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ արք. Խաչերեան իր խօսքով ընդգծած է, որ այս խաչքարը երկու ժողովուրդներու դարաւոր եւ եղբայրական միութեան եւս մէկ շօշափելի վկայութիւնն է, այն պիտի ըլլայ աղօթք, օրհնութիւն եւ մաղթանք բարօրութեան, ինչպէս նաեւ յարատեւ յիշեցում ներկայ եւ ապագայ սերունդներուն, որպէսզի շարունակեն քալել միասնաբար նոյն համերաշխութեան եւ սիրոյ ոգիով։
«Արեւելք»ի համար քաղեց՝ Թ. Գասպարեան