Իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը նախաձեռնած է Արարատ լեռան խորհրդանիշի հեռացումը ոչ միայն պետական խորհրդանշաններէն, այլեւ սեփական կանոնադրութենէն։ Այս մասին գրած է Civilnet-ը:
Սեպտեմբեր 11-ին կառավարութեան որոշման համաձայն՝ այս տարուան նոյեմբեր 1-էն Արարատ լեռան պատկերը պիտի բացակայի Հայաստանի սահմանապահ ծառայութեան դրոշմանիշէն։
Ուշագրաւ է, որ նոյն օրը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հանրային քննարկման ներկայացուցած է ՔՊ-ի նոր կանոնադրութեան նախագիծը, ուրկէ նոյնպէս հանուած է Արարատ լեռան հետ կապուած ձեւակերպումը։
Մասնաւորապէս, կուսակցութեան գործող կանոնադրութեան մէջ կայ ձեւակերպում՝ «Ձեռքսեղմման պատկերի ուրուագիծը նմանւում է Արարատ լեռան ուրուագծին»։ Նոր նախագիծին մէջ այս դրոյթը կը բացակայի։ Բացի այդ, գործող կանոնադրութեան բնագիրը այլեւս հասանելի չէ կուսակցութեան պաշտօնական կայքին մէջ, սակայն ատոր բովանդակութիւնը պահպանուած է այլ հարթակներու վրայ, օրինակ՝ Ուիքիփետիայի մէջ։
Այս փոփոխութիւնը կը նախատեսուի վերջնականապէս հաստատել սեպտեմբեր 20-ին՝ Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ կայանալիք ՔՊ հերթական համաժողովի ընթացքին։