Ատրպէյճանի մէջ գտնուող հայ գերիներուն թիւը 119 է, որոնց մէջ ՄԻԵԴ ներկայացուած 80 դէպքերուն մօտ 60%-ը յստակ փաստարկուած է տեսանիւթերով եւ լուսանկարներով: Այս մասին ըսաւ Ատրպէյճանի մէջ գտնուող հայ ռազմագերիներու շահերու ներկայացուցիչ, փաստաբան Սիրանուշ Սահակեանը` մեկնաբանելով Նիկոլ Փաշինեանի` Ազգային ժողովին մէջ հնչեցուցած յայտարարութիւնը, թէ հայ գերիներուն թիւը 39 է:
«Խնդրայարոյց է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը ոչ թէ ներկայացնում եւ պաշտօնակացնում է իշխանութեան տիրապետութեան ներքոյ գտնուած թուերը, այլ խօսում է Ատրպէյճանի պաշտօնակացրած թուերով, եւ տպաւորութիւն է ձեւաւորւում, որ կայ համաձայնեցում, թէ Ատրպէյճանի ներկայացրած տուեալները համապատասխանում են իրականութեանը եւ Հայաստանի պաշտօնականացրած տուեալներին», ըսաւ Սահակեանը:
Սիրանուշ Սահակեանի խօսքով` հայկական կողմը ունի յստակ փաստեր ոչ միայն տեսանիւթերու եւ լուսանկարներու տեսքով, այլ նաեւ հարցաքննութիւններու: Քննչական մարմինները հարցաքննած են հայրենադարձուած գերիները, եւ կան դէպքեր, որ քննչական մարմիններուն եւ իրենց տեղեկութիւններ յայտնած են Ատրպէյճանի բանտերուն մէջ տեսած ռազմագերիներու վերաբերեալ:
«Օրինակ` մենք ունենք անհատական տեսանիւթ` Արսէն Կարապետեանի, որը եղել է Կովսականում, որտեղ ատրպէյճանցի զինծառայողին հէնց բացայայտում է իր ինքնութիւնը: Տեսանիւթի արժանահաւատութիւնը ստուգուած է, տեղանքը համապատասխանում է տեղակայման վայրին, կայ ձայն, որի միջոցով նոյնականացւում է անձը, նրան ճանաչել են ընտանիքի անդամները: Այսինքն` չկայ վիճելիութիւն: Եւ սա միայն մէկ օրինակ է: Մեր ներկայացրած 80 դէպքերի 60 %-ը տեսանիւթերով եւ լուսանկարներով հիմնաւորուած են: Այլ օրինակ` Ալեքսանտր Եղիազարեանի վերաբերեալ կայ տեսանիւթ, եւ ականատեսները տեսել են ռազմական ոստիկանութիւնում, որոնք վերադարձել եւ տեսել են», ըսաւ Սիրանուշ Սահակեանը:
Սիրանուշ Սահակեանի դիտարկմամբ` ՄԻԵԴ-ը կը հիմնուի ոչ թէ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութեան, այլ ներկայացուած փաստերու վրայ, սակայն, այնուամենայնիւ, միջազգային հանրութեան մէջ հայկական կողմը հակասութեան մէջ կը յայտնուի:
«Ի հարկէ, Ատրպէյճանը գործի կը դնի իր կեղծարարութիւնը` փորձելով հերքել հայկական կողմի տրամադրած կողմի տրամադրած տուեալները եւ որպէս ապացոյց յղում կ'անի Նիկոլ Փաշինեանին, բայց պէտք է տխրեցնեմ Փաշինեանին․ փաստաբանական թիմը արհեստավարժ աշխատանքով հերքելու է Ալիեւին եւ Նիկոլ Փաշինեանին: Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը չպէտք է դառնայ Ալիեւի խօսնակը եւ պէտք է խօսի իրական թուերի մասին», ընդգծեց Սիրանուշ Սահակեանը: