Օրերս Երեւանի Քանաքեռ շրջանի Հայ Կաթողիկէ համայնքի առաջնորդարանէն ներս ընթացք տրուած է միաբան հայրեր պատրաստելու կոչուած օճախին՝ Սրբոց Հրեշատակապետաց Հոգեւոր Ճեմարանի կրթական 2022-2023 թուականի վերամուտին։
Նշենք, որ Հոգեւոր Ճեմարանի Տեսուչն է հայ կաթողիկէ երիտասարդ միաբաններէն, բնիկ Քեսապցի Հայր Մաշտոց վրդ. Զահթէրեանը։
Բարի վերամուտ կը մաղթենք հայ Կաթողիկէ «Մանկունք նուիրեալք»ին եւ ստորեւ կը ներկայացնենք Հոգեւոր Ճեմարանի դիմատետրի էջին գրառումը՝
Սրբոց Հրեշտակապետաց Միացեալ Հոգեւոր ճեմարանում այսօր ազդարարուեց 2022 ուսումնական նոր տարուայ սկիզբը։ Երեկոյեան ճեմարականներն ունեցան Հանգստեան ժամերգութիւն, այնուհետեւ Տեսուչ Հայրը Սուրբը Խաչի օրհնութեամբ սաներին մաղթեց արգասաբեր եւ ձեռքբերումներով լի տարի։