Լիբանանի մէջ պատերազմական իրավիճակով պայմանաւորուած գաղութի հիմնական կառոյցները եւս օժանդակութեան ձեռք մեկնած են։
Այս առումով վերջին նորութիւնը Հայ Կաթողիկէ համայնքի ցուցաբերած նուիրական մօտեցումն է, որու հիմքով ալ համայնքապատկան երկու կառոյցները իրենց դռները բացած են պատսպարելու համար պատերազմէն խոյս տալով աւելի ապահով շրջաններ գաղթած հարաւի բնակիչներուն։
Ստորեւ ատոր մասին համայնքին կողմէ տարածուած հաղորդագրութիւնը, ուր նաեւ երեւելի է, որ այս կենսական աշխատանքներուն կը հսկէ Հայ Կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի օգնական եպիսկոպոս Գերյ. Գրիգոր եպս. Պատիշահը։
Ստորեւ հաղորդագրութիւնը՝
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը՝ Համերկրացիներու կողքին
Լիբանանի արիւնալի ու տագնապալի պատմութեան էջերուն մէջ, եկաւ աւելնալու 21-րդ դարու անցանկալի ու կտրականապէս մերժելի դաժան իրավիճակ մը: 23 Սեպտեմբեր, 2024-ին, կրկին անգամ պատերազմի ահազանգը հնչեց այս օրհնեալ ու տառապեալ երկրին մէջ, որուն նախորդ պատերազմներուն, ինչպէս նաեւ տնտեսական, քաղաքական ու ընկերային անվերջ հարցերուն վէրքերը տակաւին չէին սպիացած:
Թշնամիին կողմէ գործուած նախորդներէ աւելի ծանրակշիռ ու անմարդկային ոճիրի հետեւանքով, ըստ պաշտօնական տուեալներու, առ այժմ Լիբանան ունեցաւ հազարաւոր զոհեր եւ աւելի քան մէկ միլիոն երկու հարիւր հազար գաղթականներ, որոնք լքած են ռմբակոծուող իրենց գիւղերն ու քաղաքները եւ ուղղուած յարաբերաբար աւելի ապահով շրջաններ:
Այս առթիւ, համայն Լիբանանի ժողովուրդը, իր տարբեր համայնքային ու կուսակցական պատկանելիութիւններով, բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս դրած է այս իրավիճակը հակակշռի տակ առնելու ու մեղմացնելու գաղթականներուն վիշտը: Այս գործունէութենէն անմասն չէ մնացած Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը, որ իր կարգին երկու կառոյցներ տրամադրած է բազմաթիւ գաղթականներու ընդունելութեան համար, առաջինը ՝ Այնճարի մէջ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան նախկին վարժարանը, իսկ երկրորդը՝ Ճիւնիի մէջ Զմմառու վանքին պատկանող «Ճորճ Ֆրէմ» դպրոցը:
Խաղաղութիւն գտնելու յոյսով ու հաւատքով տոգորուած կ’ապրինք ու կը գործենք մեր Լիբանան հայրենիքի մէջ համերաշխութեամբ ապրելու համար, եւ ապահովելու մարդկային տարրական իրաւունքները:
Թախանձագին մեր աղերսանքները կը բարձրացնենք առ ամենակալն Աստուած, խնդրելով Զմմառու Տիրամօր անմիջական մայրական բարեխօսութիւնը, որպէսզի ան սէր եւ խաղաղութիւնը հաստատէ «Պատգամ» վիրաւոր Լիբանանին: