image

Հայ Կաթողիկէ Համայնքի նորակոչ Առաջնորդի անդրանիկ պատգամը

   Հայ Կաթողիկէ Համայնքի   նորակոչ Առաջնորդի  անդրանիկ պատգամը

Օրեր  առաջ Հռոմի  հայկական  պատմական եկեղեցւոյ երդիքին  տակ տեղի ունեցաւ  Հայ Կաթողիկէ համայնքի Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի նորակոչ Առաջնորդ  Գերյ. Հ. Գէորգ Թ.Ծ.Վրդ. Նորատունկեանի  եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնն ու օծումը։

Ստորեւ   «Արեւելք» կը ներկայացնէ  Գերապայծառին, որպէս Եպիսկոպոս  եւ Հայաստանի   Հայ Կաթողիկէ Համայնքի     Առաջնորդ  անդրանիկ  «Սրտի խօսք»՝ պատգամը։

 

 

 

  Գերպ.   Նորատունկեան մասնաւորապէս ըսած է՝

Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք,

Վսեմաշուք Ծիրանաւորներ,

Արհիապատիւ Գերապայծառ Տիարք,

Գերյարգելի, Գերապատիւ եւ Արժանապատիւ Հայրեր,

Առաքինազարդ Քոյրեր,

Յարգարժան Դեսպաններ եւ քաղաքական ներկայացուցիչներ,

Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ,

Այս մեծ շնորհքի օրուան ընթացքին, գոհութեան ու երախտագիտական զգացումներս կը յայտնեմ՝

• Ամենակալ Աստուծոյ, որ հաճեցաւ հայիլ իր ծառային համեստութեան,

• Սրբազան Քահանայապետին, իմ սահմանափակ ու վիրաւոր անձիս հանդէպ ցուցաբերած վստահութեան,

• Նորին Ամենապատուութեան եւ Գերերջանկութեան,

• Երեք դարեան իմ պանծալի Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեանս,

• Հայ Կաթողիկէ Սիւնհոդոսական Հայրերուն, որոնք ժամանակէ մը ի վեր մտաբերեցին ու ներկայացուցին իմ խոնարհ անձս, որպէս թեկնածու այս նոր առաքելութեան: Սիրելի եղբայրներ, պատիւն ունիմ մաս կազմելու ձեր Ս. Ժողովին,

• Գերապատիւ Հայր Միքայէլ Վրդ. Պասալէին, Հայաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի առաջնորդութեան վաստակաւոր առաքելական կառավարիչին: Շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ սիրեցեալ եղբօր, անոր երկու տարուայ տարած նուիրական, կազմակերպչական հոգիին եւ իր իրագործած լուրջ պաշտօնավարութեան, որոնք նպաստեցին Մայր Հայրենիքի մէջ առաքելական հաւաքական խճապատկերի ամբողջացումին:

Այս շնորհալի ու պատուաւոր պահը կը նուիրեմ՝

• Իմ ընտանիքիս, անոնց ջամբած Քրիստոնէական դաստիարակութեան ու եկեղեցասիրութեան համար,

• Իմ մեծաւորներուս եւ ուսուցիչներուս, Ս. Թովմաս Ագիւնացիի, Գրիգորեան ու Սալեզեան համալսարաններուն եւ իտալական սկաուտական շարժումին եւ սկաուտներուն,

• Աշխարհական իմ համագործակիցներուս, որոնք հաւատացին իմ կարողութիւններուս եւ հանդուրժեցին իմ սահմանափակումներս,

• Տարբեր առաքելութիւններուս ընթացքին կողքիս հանդիսացած բարերարներուն, որոնք քահանայական ձեռնադրութեանս առաջին օրէն մինչեւ Լիոնի առաքելութեանս սատար հանդիսացան հոգեւոր բարեզարդման իմ ծրագիրներուս:

Տիրոջ օգնութեամբ եւ ձեր ջերմ աղօթքներու ընկերակցութեամբ կը մեկնիմ դէպի նոր առաքելութեանս վայրը հոգեկան պատրաստակամութեամբ:

Իմ առաջնորդութեանս նշանաբան ընտրեցի հետեւեալ խօսքը. «Ճշմարտութեամբ եւ Սիրով»:

Երկու հրամայականներ ունենալով՝ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ ու Արեւելեան Եւրոպայի աշխարհաքաղաքական եւ ընկերային շրջանակներէն ներս:

Կը մեկնիմ ձեռքերս պարզած՝

• Առաքելական եւ Ուղղափառ Եկեղեցիներու եղբայրակիցներուս նկատմամբ,

• Հայրենիքիս քաղաքական իշխանութիւններուն եւ իմ առաջնորդութեանս սահմաններուն մէջ գտնուող պետութիւններուն նկատմամբ,

• Քահանաներուն եւ ներկայի ու ապագայի իմ համագործակիցներուս նկատմամբ:

Իմ միակ եւ անկեղծ դիտաւորութիւնս է, եւ Տիրոջմէ կը խնդրեմ, որ օգնէ ինծի որպէսի ըլլամ՝

• Իսկական հովիւ, հաճելի դառնալով անոր, որ զիս վստահեցաւ այն հոտին,

• Հայր եւ եղբայր Առաջնորդութեան կղերական դասին,

• Եւ կազմաւորիչ ապագայի թեկնածու հոգեւորականներուն։

Որպէսզի առաջնորդութիւնս իր ամբողջական իմաստով գործէ՝ անհրաժեշտ է ունենալ բարի կամքով դրսեւորուած արհեստավարժ այր եւ կանայք:

Մինչ, առաքելութիւնս Տիրոջ առաջնորդութեան եւ Մարիամ Աստուածածնի մայրական խնամքին կը վստահիմ: Նաեւ երկինքի մէջ հանգչող նախորդ առաջնորդ արքեպիսկոպոսներէն՝ Ներսէս Տէր Ներսէսեանի եւ Նշան Գարաքեհէեանի բարեխօսութիւնները կը հայցեմ, խնդրելով անոնց աղօթքները, որպէսզի Տէրը չթոյլատրէ խոչընդոտներն ու խաչաձեւումները առաքելական ճանապարհիս ընթացքին եւ յապաղի իմ ազնիւ ընթացքս բծախնդրութեամբ միաւորել ուղղամիտ մարդոց քայլերուն, որոնք պատրաստ են աջակցելու հոգիներու փրկութեան, Եկեղեցիի բարօրութեան եւ Աստուծոյ փառքը փնտռելու ծառայութեան ծիրէն ներս: