image

Հայ-իրաքեան յարաբերութիւնները զարգանալու տեղ ունին. Քերոբեան

Հայ-իրաքեան յարաբերութիւնները զարգանալու տեղ ունին. Քերոբեան

Նախարար Վահան Քերոբեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 12 սեպտեմբերին Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատի մէջ հանդիպած է Իրաքի Հանրապետութեան գիւղատնտեսութեան նախարար Ապպաս Ալ-Մալիքիի հետ։ Յայտնած է ՀՀ տնտեսութեան նախարարութիւնը։

Հանդիպման սկիզբը երկուստեք ընդգծուած է, որ հայ-իրաքեան առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններուն մէջ առկայ է զարգացման մեծ ներուժ, որ հարկաւոր է լիարժէքօրէն իրացնել։ Այնուհետեւ կողմերը քննարկած են գիւղատնտեսութեան ոլորտի մէջ համագործակցութեան ընդլայնման հնարաւորութիւնները։ Առանձին անդրադարձ կատարուած է երկու երկիրներու գիւղատնտեսութեան ոլորտի մէջ կիրառուող պետական աջակցութեան գործիքակազմին։

Իրաքի գիւղատնտեսութեան նախարարն առաջարկած է դիտարկել հայկական ընկերութիւններու մասնակցութիւնը Իրաքի մէջ կազմակերպուող միջազգային ցուցահանդէսներուն եւ տօնավաճառներուն՝ տեղական շուկայի մէջ Հայաստանի գիւղատնտեսական արտադրանքի ճանաչելիութիւնը բարձրացնելու նպատակով։

Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է տեղեկատւութիւն փոխանակելու գիւղատնտեսութեան ոլորտի մէջ գործող ծրագրերու վերաբերեալ։