image

Հայ-իրանական սահմանին նոր անցակէտ պիտի կառուցուի

Հայ-իրանական սահմանին նոր անցակէտ պիտի կառուցուի

Մեղրիի անցակէտի գործող շէնք շինութիւններն ամբողջութեամբ պիտի քանդուին, զէրոյէն պիտի կառուցուի նոր անցակէտ։ Այդ մասին, հոկտեմբեր 31-ին, Ազգային Ժողովէն ներս 2024-ի պիւտճէի քննարկումներու ժամանակ յայտարարած է Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահ Ռուստամ Բադասեանը։

«Մեզ համար ամօթալի է, որ մինչեւ հիմա մեր երկրի հարաւային դարպասի շէնք-շինութիւններն այդ վիճակում են գտնւում։ Մենք դա շատ վաղուց պէտք է արած եւ աւարտած լինէինք»,-ըսած է ան։

Բադասեանի խօսքով՝ նոր անցակէտը պիտի համապատասխանէ միջազգային լաւագոյն չափանիշերուն։ Կառուցուող մաքսակէտին մէջ պիտի ներառուին նաեւ բարեփոխումները՝ ուղիներու տարանջատում, աւելի արագ ու հարմարաւէտ կէտի անցում, արդիւնաւէտ մաքսային հսկողութիւն եւ այլն։