image

Հայ Դատի նուիրեալ ՝ Համբիկ Սասունեան Հայաստան վերադարձաւ

  Հայ Դատի նուիրեալ ՝ Համբիկ Սասունեան Հայաստան վերադարձաւ

Հայ Դատի նուիրեալներէն,  տարիէի ի վեր  քաղաքական բանտարկեալ հանդիսացող Համբիկ Սասունեան Հայաստան  տեղափոխուած է։

Այս մասին տեղեկութիւնը իմացանք ՀՅԴ Արեւմտեան  մարմնի  կայքէն։

Աղբիւրը նաեւ  տեղադրած է Սասունեանի այս առթիւ կատարած գրառումը, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝

«Սիրելի Հայրենակիցներ

Ամենայն ուրախութեամբ կը գրեմ պատգամս ձեզի՝ Հայաստանէն։

Մօտաւորապէս 40 տարիներ անց, պատիւը ունիմ ըլլալու Հայրենի հողի վրայ, խմել հայրենի ջուրը, շնչել օդը, եւ զգալ ընտանական ջերմութիւնը։

Ձեր ցուցաբերած աջակցութիւնը տարիներու ընթացքին մշտական քաջալերած է զիս եւ դրական ներդրում ունեցած է իմ դժուարագոյն օրերուս։

Խորին շնորհակալութիւններս կ՛ուզեմ յայտնել բոլոր անոնց որոնք նամակցած են, այցելած են, եւ ընդմիշտ պահած են զիս իրենց սրտերուն մէջ։

Վերջապէս հասած եմ տուն…»։

  «Արեւելք»ի ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ 1982 թուականի 28 յունուարի առաւօտուն 19-ամեայ Համբիկը Լոս Անճելոսի իր զինակցի՝ Գրիգոր Սալիպայի հետ, կրակ բացած ու հաշուեհարդարի ենթարկած էր Թուրքիոյ հիւպատոս Քեմալ Արիկանը։ Գրիգոր Սալիպա կարողացած էր փախուստի դիմել, ենթադրաբար, ան վերադարձած էր է Պէյրութ, ուր ալ զոհուած էր  Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամենաթէժ օրերուն: Ձերբակալութիւնէն ետք ԱՄՆ դատարանը Սասունեանին դատապարտած էր ցմահ ազատազրկման։

Վաղաժամ ազատ արձակման մի քանի անհաջող փորձերէն ետք, շուրջ 4 տասնամեակ տեւած բանտարկութեան աւարտին, Սասունեանն ազատ արձակուած էր այս տարուայ գարնան։