Սփիւռքի մէջ ազգին ու հայրենիքին հանդէպ յանձնառութիւնը պահել-պահպանելու առաքելութիւնը կը շարունակուի մեծ եւ անդուլ ճիգերով։
Երկար տարիներու աւանդոյթ դարձած եւ նախնիներն ու անոնց նահատակութիւնը յարգելու ձեւաչափը միայն խորհրդանշական արարք մը չէ անշուշտ, այլ ամէնօրեայ պայքար եւ մաքառում։
Նոյն առումով աշխարհասփիւռ հայութիւնը վառ պահելու համար այդ գիտակցութիւնն ու զգացումները զարկ տուած է բազմապիսի աշխատանքներու, որոնց մէջ ուրոյն տեղ գրաւած է Եկեղեցիներու, կեդրոններու ու նաեւ յուշակոթողներու կառուցումը։
Այս առումով ալ մօտիկ յառաջիկային տեղի պիտի ունենայ բացումը Ֆրեզնոյի հայութեան համար ուխտատեղի հանդիսանալու բոլոր տուեալները լրացնող յուշակոթողին, որ ձօնուած է Մուսա Լերան հերոսամարտին քաջաբար պայքարած ու նահատակուած հերոսներու յիշատակին։
Աւելի վաղ «Արեւելք» լրատւութիւն կատարած էր գրելով ԱՄՆ-ի Ֆրեզնո քաղաքին մէջ կառուցուող եւ Մուսա Լերան հերոսամարտին նահատակներուն նուիրուած՝ յուշակոթողին։
Այս օրերուն Ֆրեզնոյաբնակ մեր հայրենակից՝ Նշան Տէր Գալուստեանէն վերհասու կը դառնանք, որ յուշակոթողի կառուցապատման աշխատանքները արդէն իսկ հասած են իրենց աւարտին եւ յուշակոթողի բացումը մօտալուտ է։
Յիշեցնենք, որ 1915ին, Հայոց Ցեղասպանութեան մահասարսուռ օրերուն, Մուսա լեռը ունեցաւ իր հզօր եւ հերոսական կեցուածքը։ Շրջանի հայկական եօթը գիւղերու ամբողջ ժողովուրդը, վստահելով միայն իր սեփական ուժին՝ լեռ բարձրացաւ՝ ի խնդիր իր արժանապատուութեան պահպանման, վստահելով հայօրէն ապրելու իր կամքին։
Հազարաւոր մուսալեռցիներ առաւել քան 40 օրեր խիզախօրէն դիմադրեցին թշնամիի յարձակումներուն եւ վերջապէս պարտութեան մատնեցին թրքական կանոնաւոր բանակը։
Մուսալեռցիները ունեցան 18 հերոս նահատակներ, որոնց յիշատակին գաղթականներու տունդարձէն ետք, Տամլըճագի մէջ կանգնեցաւ պատկառելի յուշակոթող մը, որուն կրկնօրինակն է Ֆրեզնոյի այս յուշակոթողը։
Յուշակոթողին ծրագիրը մարմին ստացաւ մօտաւորապէս երկու տարիներ առաջ, շնորհիւ հայրենակիցներու եւ հայորդիներու սրտաբուխ նուիրատուութիւններուն։
Անիկա կանգնած է Ֆրեզնոյի «Արարատ» գերեզմանատան մէջ։
Աշխատանքը յանձն առած է յանձնախումբ մը, որուն ատենապետն է Նշան Տէր Գալուստեան, ատենադպիրը՝ Մարտիկ Չանչանեան, գանձապահը՝ Արա Քարքազեան, իսկ Պօղոս Չանչանեան Շինարարական եւ Յովիկ Քէրքէզեան՝ օգնականներ եւ խորհրդականներ։
§