image
Հրատապ լուրեր:

Հարուածները պիտի ըլլան կայծակնային. Փութինէն սպառնալիք՝ Արեւմուտքին

Հարուածները  պիտի ըլլան կայծակնային. Փութինէն սպառնալիք՝ Արեւմուտքին

Եթէ մէկը կը փափաքի դուրսէն միջամտել Ուքրանիոյ իրավիճակին եւ ստեղծել ռազմավարական սպառնալիք, ապա հարուածները պիտի ըլլան կայծակնային, յայտնած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը Օրէնսդիրներու խորհուրդի նիստին: 

«Այս հարցին վերաբերեալ բոլոր որոշումները կայացուած են», ըսած է Փութին եւ ընդգծած, որ երկիրը ունի անոր համար բոլոր գործիքները, որոնցով այժմ ոչ ոք կրնայ պարծենալ:

«Բայց մենք չենք պարծենար, անհրաժեշտութեան պարագային պիտի օգտագործենք զանոնք: Եւ ես կ'ուզեմ, որ բոլորը իմանան այդ մասին», ըսած է Ռուսաստանի նախագահը:

Բացի այդ, Ռուսաստանի ղեկավարը վստահեցուցած է, որ Ուքրանիոյ մէջ յատուկ գործողութեան բոլոր խնդիրները անվերապահօրէն կը կատարուին` պատմական հեռանկարի մէջ Ռուսաստանի եւ Տոնպասի ժողովուրդին խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն երաշխաւորելու համար: