Կան որոշ հնարաւորութիւններ, այդ շարքին` Հարաւային Կովկասը: Այս մասին իր թուրք գործընկեր Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ զրոյցին ըսած է ԱՄՆ պետական քարտուղար Անթոնի Պլինքընը:
«Մենք կը փափաքինք խօսիլ մեր տնտեսական յարաբերութիւններուն եւ գործընկերութեան հետագայ ամրապնդման եւ զարգացման մասին: Մենք հասած ենք առեւտուրի մրցանշային ծաւալներու` չնայած «Քովիտ»-ին, չնայած այլ խնդիրներուն», ըսած է ան:
«Ես եւ Մեւլութը նոր միասին էինք ՆԱԹՕ-ի նախարարական հանդիպման: Անհամբեր կը սպասեմ այս զրոյցի շարունակութեան: Այսօր մենք խնդրեցինք Ֆինլանտային եւ Շուէտին ներկայացնել իրենց դիմումները, եւ մենք պիտի աշխատինք այս գործընթացին վրայ` որպէս դաշնակիցներ եւ որպէս գործընկերներ», վստահեցուցած է Պլինքըն: