Աշխարհի մէջ անկայուն աշխարհաքաղաքական իրավիճակ կը պահպանուի։ Այս մասին ճեպազրոյցին յայտարարած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) միացեալ շտապի պետ Անտրէյ Սերտիւկով։
«Բարդ իրավիճակ կը շարունակէ մնալ Անդրկովկասի մէջ, ուր Արեւմուտքը կը ձգտի մեծցնել իր ազդեցութիւնը, եւ Կեդրոնական Ասիոյ տարածաշրջանին մէջ»,-յայտարարած է ան: