image

«Հանրային խորհուրդ»ը պիտի լուծարուի

«Հանրային խորհուրդ»ը պիտի լուծարուի

Հայաստանի Հանրային խորհուրդի հին կազմը պիտի լուծարուի, իսկ նորն իր կազմին մէջ պիտի ստեղծէ փաստահաւաք յանձնաժողով։ Այս մասին որոշումն ընդունուեցաւ ՀՀ կառավարութեան 22 օգոստոսի՝ այսօրուան նիստի ժամանակ։

Ներկայացնելով «Հանրային խորհուրդի մասին» ՀՀ օրէնքի փոփոխութիւններ կատարելու մասին նախագիծը` ՀՀ արդարադատութեան նախարարի տեղեկալ Արմենուհի Յարութիւնեան նշեց, որ այս նախագիծը կը բխի անցումային արդարադատութեան եւ փաստահաւաք գործունէութեան իրականացման քաղաքական խոստումէն, որ իր արտացոլումը գտած է դատաիրաւական բարեփոխումներու ռազմավարութեան մէջ։

«Նախագծի նպատակն է խորհրդի կազմում ձեւաւորել փաստահաւաք գործունէութիւն իրականացնող յանձնաժողով, որը կ'ուսումնասիրի ՀՀ-ում 1991 թուականի սեպտեմբերի 21-ից մինչեւ 2023 թուականը ներառեալ ժամանակահատուածում մարդու իրաւունքների հիմնարար եւ պարբերաբար խախտումները եւ դրանց վերաբերեալ կը կազմի փաստահաւաք զեկոյց»,– ըսաւ փոխնախարարը։