image

Համզա Ուսամա Պըն Լատէն «Ժիհատի Ուղղութիւնը Պէտք Է Փոխուի»

Համզա Ուսամա Պըն Լատէն  «Ժիհատի Ուղղութիւնը Պէտք Է Փոխուի»

  Աֆղանիստան-  («Ալ Նահար»-  Պէյրութ)  «Ալ Քահիտա»  շարժումի հիմնադիր Ուսամա Պըն Լատէնի   որդին Համզա Պըն Լատէն ձայնագրութիւն մը  հրապարակելով       իր համակիրներէն պահանջած է «Ժիհատ»ի  (սրբազան  պատերազմ- Խմբ. ՝ «Արեւելք»)    ուղղութիւնը  փոխել:  24 Տարեկան Համզա     ըսած է, « մենք պէտք է ճիգեր իրագործենք «Ժիհատ»ը    Քապուլէն, Պաղտատէն եւ Կազայէն       Լոնտոն, Փարիզ, Նիւ Եորք  եւ Թէլ Աւիւ փոխադրել»:  Ըստ նոյն աղբիւրին Համզա ներկայիս կ'ապրի Աֆղանիստանի եւ Փաքիստանի սահմանային լեռնային հատուածի մը մէջ եւ իր այս յայտարարութիւնը  «կը ծանուցէ» անոր   «Քահիտա» ահաբեկչական խմբաւորման     ղեկավարի  դերին  ստանձնման մասին: