Աֆղանիստան- («Ալ Նահար»- Պէյրութ) «Ալ Քահիտա» շարժումի հիմնադիր Ուսամա Պըն Լատէնի որդին Համզա Պըն Լատէն ձայնագրութիւն մը հրապարակելով իր համակիրներէն պահանջած է «Ժիհատ»ի (սրբազան պատերազմ- Խմբ. ՝ «Արեւելք») ուղղութիւնը փոխել: 24 Տարեկան Համզա ըսած է, « մենք պէտք է ճիգեր իրագործենք «Ժիհատ»ը Քապուլէն, Պաղտատէն եւ Կազայէն Լոնտոն, Փարիզ, Նիւ Եորք եւ Թէլ Աւիւ փոխադրել»: Ըստ նոյն աղբիւրին Համզա ներկայիս կ'ապրի Աֆղանիստանի եւ Փաքիստանի սահմանային լեռնային հատուածի մը մէջ եւ իր այս յայտարարութիւնը «կը ծանուցէ» անոր «Քահիտա» ահաբեկչական խմբաւորման ղեկավարի դերին ստանձնման մասին: