image
Հրատապ լուրեր:

Համբոյր

Համբոյր

Ոչ ոք կ'ըսէ, ցաւերըդ տուր երէկուան, 

Ոչ ալ սրտով կու գայ քեզ այցելութեան, 

Ոչ մէկ օտար արցունք կ'ողբայ քու մահուան, 

Ոչ ալ մէկ մոմ՝ հայկեան շիրմիդ պատուական։

 

Դուն ես միայն քու հայկազեան սուրբ երգը, 

Քու աշխարհը, քու լուսընկայ կանթեղը, 

Պահէ ազգըդ այնպէս՝ ինչպէս քու զաւկին, 

Որ չհալուի՜ սիրտըդ երբեք լալագին։

 

Չհեռանա՛ս շքեղ երկրիդ երկինքէն, 

Չբաժնըւիս քու հոգեթով երգերէն, 

Ու չմոռնաս թանկ արիւնը սրբագին,

Որ տաս սրտանց, տաք համբոյր մը՝ մայր հողին։

 

Կայլակ

«Ոսկէ Օրէնքը» գիրքէն

 

 

 

Կայլակ

Կայլակ

ԿԱՅԼԱԿ Բուն անունով Մկօ Փանոսեան: Ծնած է 1974...