Պաղեստինեան «Համաս» շարժումը յայտարարած է, որ Եգիպտոսի Շարմ ալ-Շեյխ քաղաքին մէջ Իսրայէլի հետ անուղղակի բանակցութիւններու շրջածիրէն ներս իրար փոխանցուած են փոխանակման ենթակայ անձանց ցուցակները։
Այդ մասին հոկտեմբեր 8-ին յայտարարած է շարժման ներկայացուցիչ Թահեր ալ-Նունուն։
«Այսօր տեղի ունեցած է ցուցակներու փոխանակում՝ այն գերիներու, որոնց կը պահանջուի ազատ արձակել համաձայնեցուած մեքենականաութեան եւ թուաքանակին համապատասխան», -ըսուած է յայտարարութեան մէջ։
Շարմ ալ-Շեյխի մէջ կողմերու միջեւ անուղղակի բանակցութիւններ կ՚ընթանան հոկտեմբեր 6-էն։