«Համաս»-ը «պէտք է արմատախիլ ըլլայ»։ Այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն Երուսաղէմի մէջ Նաթանիահուի հետ հանդիպումէն ետք համատեղ ասուլիսին։
Խօսելով Կազայի հատուածին մէջ խաղաղութեան հաստատման եւ պաղեստինեան «Համաս» շարժման ապագայի մասին՝ Ռուպիոն ըսած է․ ««Համաս»ը չի կրնար շարունակել գոյութիւն ունենալ որպէս ռազմական կամ վարչական ուժ։ Եւ անկեղծ ըսած, քանի դեռ ան կը մնայ ուժ, որ կրնայ կառավարել, կամ ուժ, որ կրնայ կառավարուիլ, կամ ուժ, որ կրնայ սպառնալ բռնութիւն կիրառել, խաղաղութիւնը կը մնայ անհնարին»: