image

«Համաս»-ի զինեալներու խոստացած 33 պատանդներէն միայն 25-ը ողջ են

«Համաս»-ի զինեալներու խոստացած 33 պատանդներէն միայն 25-ը ողջ են

Իսրայէլ մանրամասնութիւններ յայտնած է այն պատանդներու մասին, որոնք կ՚ակնկալուի, որ գերութենէն ազատ պիտի արձակուին յառաջիկայ շաբաթներուն՝ Իսրայէլի եւ «Համաս»-ի միջեւ ձեռք բերուած հրադադարի համաձայնագրի շրջածիրէն ներս։

Իսրայէլի կառավարութեան խօսնակ Տէյվիտ Մենցերը հաստատած է այն տեղեկութիւնը, որ աւելի վաղ տարածուած էր տեղական լրատուամիջոցներուն մէջ, որ գրոհայիններու կողմէ գերութեան մէջ գտնուող 33 առեւանգուած իսրայէլացիներէն միայն 25-ը ողջ են:

Իսրայէլի գրասենաեկի մամուլի քարտուղարի յայտարարութենէն կարելի է եզրակացնել, որ երկրի հետախուզական ծառայութիւնները տեղեակ եղած են բոլոր զոհերու մասին՝ առանց բացառութեան։

««Համաս»-էն ստացուած ցուցակը կը համապատասխանէ իսրայէլեան հետախուզութեան տուեալներուն»,- ըսած է Մենցերը։

«Ուստի կրնամ ձեզի ըսել, որ մեր պատանդներէն 25-ը ողջ են, իսկ ութը սպանուած են «Համաս»-ի զինեալներու կողմէ»:

Մենցերի խօսքով՝ «բոլոր ութ զոհերու ընտանիքներն արդէն տեղեկացուած են իրենց հարազատներու հետ կապուած իրավիճակի մասին»։