image

Համացանցը իբրեւ «դրական գործիք». Տէր Խոսրով Քահանայի պարագան

Համացանցը իբրեւ   «դրական գործիք». Տէր Խոսրով Քահանայի  պարագան

 Ուզենք կամ ոչ համացանցի «կեանք»ը կարեւոր մաս դարձած է մեր ամէնօրեայ հեւքին մէջ։

 Եւ այսպէս դիմատետրի եւ ընկերային ցանցի միւս հարթակները կերպով մը դարձած են մեր ընկերակիցներն ու «ուղղութիւն» տուողները։

 

 Անշուշտ նոյն այս հարթակները կարելի է եւ հնարաւոր է օգտագործել բազմազան հետաքրքրութիւններու տեղ տալով, թեմա մը վեր հանելով, կամ նոյնիսկ «պատգամ» մը ներկայացնելով։

 

 

 Նոյն հարթութեան վրայ, ինչպէս բազմաթիւ քահանայ հայրեր, կրօնական գործիչներ, եկեղեցւոյ հովիւներ իրենց դիմատետրի էջերով կը ներկայացնեն ամէնօրեայ կեանքն ու առաքելութիւնը, նոյն դրական մօտեցումը ունի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Լաթվիոյ թեմի հոգեւոր սպասարկողներէն ՝ Տ. Խոսրով քահանայ Ստեփանեանը։

 Տէր Հայրը, ո կրօնական կամ տօնական կամ նոյնիսկ առօրէական իր  ապրածը, անցուդարձները կամ պարզապէս կրօնական սպասաւորի պարտականութիւնները տարբեր առիթներով կը նկարահանէ եւ կը տարածէ համացանցի ճամբով ու այդպէս ալ կը սատարէ, որ մարդիկ հետաքրքրուին, փնտռեն, որոնեն, լսեն ու սորվին։

 

 Այս ծիրին մէջ ալ Տէր Խոսրով օրերս ուշագրաւ տեսանիւթ մը տարածեց, ուր կ՚երեւէր, թէ ան Սուրբ Պատարագ մատուցելու ժամանակ ինչ տեսակի հանդերձանքներ կը կրէ ու այդպիսով ալ ան կը սատարէր, որ հաւատացեալներ ծանօթանան մեր եկեղեցականներու կրած հանդերձանքներուն։

 Ուսուցանելի միջոց, որ ամէն պարագայի գովելի է, որուն ճամբով ալ կարելի կ՚ըլլայ  հասարակութիւնը քայլով մը մօտեցնել մեր եկեղեցիէն, հաւատալիքներէն ու դարաւոր աւանդոյթներէն։

 

Ուսանելի պէտք է դառնայ Տէր Խոսրովի մօտեցումը ու կերպով մըն ալ սատարէ, որ համացանցի «հայկական տարածք»ը   դառնայ նաեւ ոգիի տարածք եւ հայ մարդու ամէնօրեայ որոնումներուն դեղ ու բալասան...։

 Դիտեցէ՚ք։

Նիւթը՝  Arevelk.am-ի