image

Հալէպի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը հանդիպում ունեցան Հալէպի ներքին անվտանգութեան հրամանատարի հետ

Հալէպի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը հանդիպում ունեցան Հալէպի ներքին անվտանգութեան հրամանատարի հետ

Հալէպի մէջ, օրերս, հայկական համայնքի յարանուանութեանց պատասխանատուները (համայնքապետերը), ընկերակցութեամբ Հալէպի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն, հանդիպում ունեցած են Հալէպի ներքին անվտանգութեան հրամանատարին հետ։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։ 

Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝

Երեքշաբթի, 28 Հոկտեմբեր 2025-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեան, ընկերակցութեամբ Հալէպի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն, հանդիպում ունեցան Հալէպի ներքին անվտանգութեան հրամանատար, գնդապետ Մուհամմետ Ապտուլ Ղանիի հետ։ Սրբազան հօր կ՚ընկերակցէր Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան։

Հանդիպումին մտքերու փոխանակում կատարուեցաւ Հալէպի մէջ տիրող անվտանգութեան իրավիճակին շուրջ, նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ ներքին անվտանգութեան խորհուրդին այս գծով տարած աշխատանքին մասին։

Քրիստոնեայ համայնքապետները շնորհակալութիւն յայտնեցին Հալէպի ներքին անվտանգութեան հրամանատարին՝ այս շինիչ հանդիպումին համար։