image

Հալէպի մէջ.Նուիրեալ գործիչ Հռիփ Կանանեան ի պատուի

Հալէպի մէջ.Նուիրեալ գործիչ Հռիփ Կանանեան  ի պատուի

 «Արեւելք»ի  Հալէպի աղբիւրէն վերահասու կը դառնանք, որ հովանաւորութեամբ ՝  Հալէպ քաղաքի Ընկերային Հարցերու եւ Աշխատանքի պետական  մարմնի  տնօրէն Պրն. Սալէհ Պարաքաթի, «Կամաւորներու Միջազգային Օրուան» առիթով, Հալէպի մէջ ստեղծուած Բարեսիրական Միութիւններու Ընկերակցութիւնը պարգեւատրեց Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի («ՍՕԽ») Շրջանային վարչութեան վաստակաշատ անդամներէն՝ Հռիփ Կանանեանը, Սուրիոյ պատերազմի ընթացքին ծաւալած իր մարդասիրական կամաւոր աշխատանքին համար, յանուն հայրենիքի ու միութեան բարօրութեան։

 

 Նշենք, որ  Հռիփ Կանանեան եղած է Կրթական մշակ, Խաչուհի, Քարտուղար, ՍՕԽ-ի Շրջ. Վարչութեան եւ Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի: Հասարակական գործիչ:

 

 Ստորեւ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք  Հռիփ Կանանեան գործիչի  միութենական կեանքի հիմնական  կէտերը։

1962-ին մտած է ուսուցչական ասպարէզ եւ 10 տարի դասաւանդած յատկապէս հայերէն Ազգային Սահակեան վարժարանէն ներս:

1972-ին վարժարանի հոգաբարձութեան կողմէ կը հրաւիրուի ստանձնելու նոյն վարժարանի մանկապարտիզպանուհի պաշտօնը, զոր մինչեւ 1987 կը վարէ բծախնդրութեամբ եւ մեծ պատասխանատւութեամբ:

Երիտասարդութեան սեմին 15 տարիներ շարունակ ստանձնած է Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան քարտուղարութիւնը:

1965-ին անդամակցած է Հայ Օգնութեան Միութեան ՀՕՄ եւ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչին եւ ապա Համազգայինի Հայ Կրթական Եւ Մշակութային միութեան:

1974-ին, Համազգայինէն ներս ստանձնած է վարչական պաշտօն:

1983-ին, Հռիփ Կանանեան ընտրուած է Ս.Օ. Խաչի Շրջ. Վարչութեան անդամ եւ ստանձնած ատենադպրուհիի պաշտօնը, իսկ 1987-ին՝ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան անդամ եւ ապա երկար տարիներ Շրջանային վարչութեան ատենադպրուհի. միջանկեալ, կանոնագրային կերպով դադրած է եւ աշխատած գոյգ միութիւններու յանձնախումբերէն ներս:

1987-ին ընտրուած է Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան անդամ եւ յաջորդական երկար տարիներ վարած ատենապետի պաշտօնը մինչեւ 2010:

2010-ին եղած է Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան եւ Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութեան մէջ:

2011-2015 տարիներուն, եղած է Հալէպի Ազգային Պատսպարանի ատենապետ:

2015-2019, Սուրիոյ Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ:

Հռիփ Կանանեան Մասնակցած է Հայ Օգնութեան Միութեան եւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան տարբեր շրջաններէ ներս կազմակերպուած Համահայկական Պատգամաւորական ժողովներուն:

Բարձր աստիճանի նուիրումով ծառայած է հայ մշակութային արժէքներու զարգացման ու տարածման, իր կեանքի առաւելագոյն բաժինը նուիրելով հասարակական գործունէութեան: Իր ընտանիքին չափ սիրած է հասարակական գործունէութիւնը, ձգտելով լաւագոյնին եւ ազգային նուիրումի օրինակ հանդիսացած իր գործակիցներուն:

Հռիփ (Հռիփսիմէ) Սահակեան-Կանանեան արժանացած է  պարգեւներու եւ շքանաշաններու

2000-ին, Ս.Օ. Խաչի «Կանթեղ» շքանշանով, առ ի գնահատանք իր տարած մարդասիրական եւ բարեսիրական աշխատանքներուն:

2008-ին, Ս.Օ. Խաչի Շրջանային Վարչութիւն գնահատանք, Մայրերու Օրուան առիթով:

2015-ին, Հայ Օգնութեան Միութիւն «Պատուոյ Գնահատագիր», առ ի գնահատութիւն Միութեան շարքերուն մէջ յիսուն եւ աւելի տարիներու յարատեւ իր գործունէութեան, նուիրումին ու ծառայութեան՝ յօգուտ մեր ժողովուրդի բարօրութեան: Ստորագրուած ու կնքուած Մեսեչուսեց  նահանգի Պոսթըն քաղաքին մէջ:

2016-ին, Առաջնորդութիւն Հայոց Բերիոյ Թեմի Ազգային Վարչութիւն. Վկայական Բերիոյ Հայոց Թեմի Ծառայութեան Շքանշան, առ ի գնահատանք Հայեցի Դաստիարակութեան եւ Կրթական Գործին, Մշակութային եւ Բարեսիրական Կառոյցներէն ներս Բոլորանուէր Երկարամեայ Ծառայութեան: Շահան Արք. Սարգիսեան Առաջնորդ Հայոց Բերիոյ Թեմի:

 

24 Ապրիլ 2019-ին, Հալէպի ՀՀ Հիւպատոսարանէն ներս, Հռիփ (Հռիփսիմէ) Սահակեան-Կանանեան կը պարգեւատրուի Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարի եւ ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան Հայաստան Զինուած Ուժերի յուշանուէրներով , առ ի գնահատանք իր ցուցաբերած մարդասիրական աջակցութեան:

 

2020-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան (Հումանիտար) մարդասիրական Առաքելութեան ՊԱՏՈՒՈՅ ԳԻՐ, առ ի գնահահանք մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող հայ բժիշկներուն ցուցաբերած աջակցութեան, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի եւ Սուրիոյ Հանրապետութիւններուն միջեւ մարդասիրական փոխգործակցութեան հարցին մէջ մեծ ներդրում ունենալուն համար: Արկադի Տոնոյեան՝ Մարդասիրական Խումբի Ներկայացուցիչը:

 

2021-ին, «Կամաւորներու Միջազգային Օրուան» առթիւ. Հալէպի Բարեսիրական Միութիւններու Ընկերակցութիւն՝ Շնորհակալագիր եւ Գնահատագիր, առ ի գնահատանք Սուրիոյ պատերազմի ընթացքին ծաւալած իր մարդասիրական կամաւոր աշխատանքին համար, յանուն հայրենիքի ու միութեան բարօրութեան։ Հալէպի Ընկերային Հարցերու եւ Աշխատանքի տնօրէն Պրն. Սալեհ Պարաքաթի, Հալէպի Բարեսիրական Միութիւններու Ընկերակցութեան տնօրէն Պրն. Լուէյ Զուհէյր Սուքքար:

 

 Ի սրտէ  յաջողութիւն կը մաղթենք Տիկն. Հռիփ Կանանեանին, մաղթելով անոր  արեւշատ  օրեր,  երկար տարիներու ծառայութեան ոգի  եւ  աննկուն կամք։