image

Հալէպի մէջ. Սասունցիներու եւ տարօնցիներու ընդհանուր հոգեհանգիստ

Հալէպի մէջ. Սասունցիներու եւ տարօնցիներու ընդհանուր հոգեհանգիստ

Օրերս, Հալէպի Սրբոց  Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ մէջ, պատարագի աւարտին, ընդհանուր հոգեհանգիստով ոգեկոչուեցան Տարօն֊Տուրուբերանի հայր. միութեան հին ու նոր ննջեցեալները։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» պարբերականէն։

Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լուրը՝

Փետրուար 9-ին, Հալէպի Սրբոց  Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ մէջ, պատարագի աւարտին, ընդհանուր հոգեհանգիստով ոգեկոչուեցան Տարօն֊Տուրուբերանի հայր. միութեան հին ու նոր ննջեցեալները։

Առաջնորդ Մակար սրբազան հանդիսապետեց արարողութեան եւ իր քարոզով անդրադարձաւ սասունցիի կերպարին` մեր հին մատենագրութեան մէջ։

Այնուհետեւ, մեծաթիւ հաւատացեալներ ու հայրենակիցներ բարձրացան եկեղեցւոյ կից «Աղբալեան» սրահ, ուր սուրճ հրամցուեցաւ բոլորին։ Խօսք առին վարչութեան ատենապետը` տոքթ. Ղազար Պօղոս, Հիլտա Մարգարեան (ողբացեալ Ալ. Սուսանիի մասին, մահացած` Պէյրութ) եւ պրն Լեւոն Շառոյեան, որ ոգեկոչեց յատկապէս Բերիոյ թեմին մէջ անցեալին ծառայած տարօնցի քահանաները ու անդրադարձաւ հայրենակցական միութեանց  երբեմնի աշխուժ գործունէութեան։