image

Հալէպի մէջ.Նուիրեալ համայնքային գործիչ՝ Բժշկ. Միսաք Պօշկէզէնեանի կորուստը

  Հալէպի մէջ.Նուիրեալ համայնքային գործիչ՝ Բժշկ. Միսաք Պօշկէզէնեանի կորուստը

Հալէպի մէժ օրերս իր մահկանացուն կնքած է համայնքային նուիրեալ գործիչ՝ Բժշկ. Միսաք Պօշկէզէնեան։

 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպէն։

Նշենք նաեւ, որ  հանգուցեալը բաւական աշխոյժ մասնակցութիւն բերած է Սուրիոյ «Համազգային»ին եւ ադ առումով ալ վարած է պատասխանատու պաշտօններ։

Հանգուցեալին մասին հակիրճ մահագրական մը հրապարակած է Սուրիոյ «Համազգային»ի դիմատետրեան էջը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝

Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւնը սրտի խոր կսկիծով կը գուժէ համազգայնական հաւատաւոր ընկեր, Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի նախկին ատենապետ`

ԲԺՇԿ. ՄԻՍԱՔ ՊՕՇԿԷԶԷՆԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ Երեքշաբթի, 5 Դեկտեմբեր 2023-ին, Հալէպի մէջ։

Մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի տիկնոջ, զաւակներուն եւ հարազատներուն։

Խունկ եւ աղօթք կը բարձրացնենք հաւատաւոր ընկերոջ հոգիին խաղաղութեան համար։

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։