Հալէպի մէժ օրերս իր մահկանացուն կնքած է համայնքային նուիրեալ գործիչ՝ Բժշկ. Միսաք Պօշկէզէնեան։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպէն։
Նշենք նաեւ, որ հանգուցեալը բաւական աշխոյժ մասնակցութիւն բերած է Սուրիոյ «Համազգային»ին եւ ադ առումով ալ վարած է պատասխանատու պաշտօններ։
Հանգուցեալին մասին հակիրճ մահագրական մը հրապարակած է Սուրիոյ «Համազգային»ի դիմատետրեան էջը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝
Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւնը սրտի խոր կսկիծով կը գուժէ համազգայնական հաւատաւոր ընկեր, Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի նախկին ատենապետ`
ԲԺՇԿ. ՄԻՍԱՔ ՊՕՇԿԷԶԷՆԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ Երեքշաբթի, 5 Դեկտեմբեր 2023-ին, Հալէպի մէջ։
Մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի տիկնոջ, զաւակներուն եւ հարազատներուն։
Խունկ եւ աղօթք կը բարձրացնենք հաւատաւոր ընկերոջ հոգիին խաղաղութեան համար։
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։