image

Հալէպի մէջ. ՀԲԸՄ-ի «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբի 60-ամեակը նշուեցաւ

 Հալէպի մէջ. ՀԲԸՄ-ի «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբի 60-ամեակը նշուեցաւ

«Արեւելք»ի Հալէպի աղբիւրէն  վերահասու կը  դառնանք, որ օրերս    նշուած է   Սուրիահայ թատերական կեանքի    կարեւոր յենարան  հանդիսացող  եւ ՀԲԸՄ-ի նեցուկով  գործող  «Պետրոս Ադամեան»   թատերախումբի  60-րդ  տարեդարձը։

Այդ բարեբաստիկ առիթին առթիւ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ առթիւ  պատրաստուած   թղթակցութիւնը։

 

Մարտ 27-ը Թատրոնի Միջազգային Օրն է։ Միթէ՞ աւելի լաւ թուական կրնար ըլլալ, որպէսզի Հալէպի Հ․Ե․Ընկերակցութեան «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբը նշեր իր հիմնադրութեան վաթսուն ամեակը։ 

Միութեան «Գավաֆեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Ադամեան» թատերախումբի հիմնադրութեան վաթսուն ամեակի Յոբելինական հանդիսութիւնը, ինչպէս նաեւ այդ առթիւ հրատարակուած Յուշամատեանի գինեձօնը։

Հանդիսութիւնը սկսաւ զոյգ քայլերգներով, ապա բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Ադամեան» թատերախումբի դերասան եւ Յանձնախումբի անդամ՝ Բժշկ․ Ճորճ Դաւիթեանը, որ արտասանած իր խօսքին մէջ կարեւորեց Սփիւռքի մէջ յոբելեաններ նշելու երեւոյթը։ Աշխարհի եւ հայրենիքի մէջ կան շատ մը թատերախումբեր եւ մշակութային կառոյցներ, որոնք կրնան ունենալ աւելի քան հարիւր տարուան պատմութիւն։ Սակայն, Սփիւռքի տարածքին գործող մշակութային կառոյցներու հիմնադրութեան ամեակներուն հարկ է վերաբերիլ առաւել ակնածանքով եւ երկիւղածութեամբ, որովհետեւ անոնց հիմնական նպատակը, ոչ միայն արուեստի շունչ հաղորդելն է, այլ մեր սրբագոյն առաքելութիւնը՝ ազգապահպանումն է։

Օրուան բանախօս՝ Օրդ․ Երան Զէյթունցեանը, որ «Ադամեան» թատերախումբի քսանհինգ ամեայ գործունէութեան համար արծաթեայ մետալակիր է ներկայացուց այն յատկանշական կէտերը, որ «Ադամեան» թատերախումբը իւրայատուկ կը դարձնէ դասական  Սփիւռքի թատերախումբերուն մէջ։ Անոր ներկայացումը ուղեկցուած էր նկարներով եւ «Ադամեան»ի ամէնէն յայտնի գործերէն հատուածներով, պատրաստուած՝ Օրդ Դուին Զէյթունցեանի կողմէ։ 

Հանդիսավար Տիկ․ Կասիա  Պետիրեան-Ստանպուլեանը կարդաց այս տարուան Թատրոնի Միջազգային Օրուան առիթով հրապարակուած պատգամը, որուն հեղինակն է յայտնի օփերային եւ փառատօններու բեմադրիչ՝ փիթըր Սէլըրզը։ 

Հանդիսութեան ընթացքին հերթով հրաւիրուեցան քոյր թատերախումբերէն ներկայացուցիչներ, որոնք իրենց սրտի ու շնորհաւորական խօսքերը ուղղեցին Հ․Ե․Ընկերակցութեան «Ադամեան» թատերախումբին։

Հանդիսութեան աւարտին բեմ հրաւիրուեցան Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը, Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդը, Հ․Բ․Ը․Միութեան Շրջանակային Յանձնաժողովի Ատենապետ՝ Պրն․ Ներսէս Ներսոյեանը, Հ․Ե․Ընկերակցութեան Գործադիր Մարմինի Ատենապետ Պրն․ Արտեմ Չիրիշեանը, ինչպէս նաեւ Հ․Բ․Ը․Միութեան Շրջանակային Յանձնաժողովի Փոխ Ատենապետ եւ «Ադամեան» թատերախումբի Ատենապետ Պրն․ Ներսէս Տաղլեանը կատարելու գինեձօնի արարողութիւնը եւ հատելու վաթսուն ամեակի կարկանդակը։

Ձեռնարկի աւարտին պատուարժան հիւրերը թատերասենեակին մէջ ընդունուեցան հատուած կարկանդակը համտեսելու, սրճելու եւ ադամեանականցիներուն վաթսուն ամեակը շնորհաւորելու։ 

Վաթսուն ամեակդ շնորհաւոր սիրելի Հ․Ե․Ընկերակցութեան «Ադամեան» թատերախումբ։