image

Հալէպի մէջ. Դոկտ. Հուրի Ազէզեան պարգեւատրուեցաւ (Լուսանկար)

Հալէպի մէջ. Դոկտ. Հուրի Ազէզեան պարգեւատրուեցաւ  (Լուսանկար)

Սփիւռքի մտաւորական շրջանակներուն մէջ ծանօթ անուն հանդիսացող, բնիկ Հալէպցի դոկտ. Հուրի Ազէզեան օրերս պարգեւատրումի արժանացած է։ 

Այս մասին կը կարդանք Հալէպի «Գանձասար»էն։

Թերթը այս մասին տուած է հակիրճ թղթակցութիւն մը, իր ընթերցողներուն եւ բնականաբար հայ հասարակութեան խոստանալով յետագային աւելի համապարփակ կերպով անդրադառնալ ուշագրաւ միջոցառմանը։

Նշենք նաեւ, որ պարգեւատրումը եղած է ձեռամբ Բերիոյ Թեմի Բարեկաջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս եպս. Զօպույեանի։

 Ստորեւ թղթակցութիւնը

Ուրբաթ, 26 Նոյեմբերի երեկոյեան յիշատակեց իր զաւկին՝ մտաւորական դոկտ. Հուրի Ազէզեանի գրական, թարգմանական, պատմագիտական վաստակին 35-ամեակը, գրասէր պատկառելի հանդիսականներու ներկայութեան։ 

Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Սարգիսեանի հովանաւորութիւնը կրող ձեռնարկը մտայղացումն էր Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» Մասնաճիւղի Վարչութեան, կազմակերպուած էր մասնաճիւղի Գրական Յանձնախումբին կողմէ։

Արդարօրէն պէտք է հաստատել, որ ձեռնարկը անթերի էր իր ամբողջ յայտագիրով։ Յանձնախումբի երիտասարդ անդամները բծախնդրութեամբ ներկայացուցին յայտագիրը, իսկ յոբելեարին գիրքերն ու գրական, թարգմանական եւ պատմագիտական վաստակին ամբողջական պատկերն ու արժեւորումը հրամցուցին՝ գրող, Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի դասախօս տիկ. Լալա Միսկարեան-Մինասեան, Արժ. Տ. Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան եւ «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագիր տիկ. Զարմիկ ՉիլԱբօշեան-Պօղիկեան։

Մերթ ընդ մերթ պաստառի վրայ ցուցադրուեցան յոբելեարին գիրքերն ու ազգային ծառայութեան հարթակի վրայ տարած աշխատանքը Բերիոյ Հայոց Թեմէն ներս։ 

Այնուհետեւ վարչութեան ատենապետ Մարալ Տիքպիքեան խորհրդանշական յուշանուէրով մը պարգևատրեց դոկտ. Հուրի Ազէզեանը։

Յոբելեարը իր երախտիքի խօսքը արտասանեց, իսկ սրբազան հայրը գնահատեց անոր ջանասիրութիւնն ու գրական, թարգմանական, պատմագիտական բեղուն գործունէութիւնը, յատկապէս շեշտելով Բերիոյ Հայոց Թեմի պատմութեան ուսումնասիրման նուիրուած անոր աշխատանքը։ Սրբազան հայրը մաղթեց, որ յոբելեարը օրինակ հանդիսանայ նոր սերունդին, ապա այս առիթով ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին բարեմաղթութիւնները փոխանցեց։ 

Երկուքուկէս ժամ տեւող երեկոյթին հանդիսականները հետեւեցան քար լռութեամբ, արտայայտելով իրենց յարգանքը՝ յոբելեարի վաստակին, կարօտը՝ գրական, հոգեպարար նման երեկոյթներու։