Փարիզ- («Ալ Հայաթ»- Լոնտոն) Սուրիացի լուսանկարող Պարրա Ալ Հալապի երէկ Փարիզի մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան մը ընթացքին ստացած է «Ալ Ֆուժայրա» միջազգային մրցանքի գլխաւոր մրցանակը: 23-Ամեայ պատերազմական լրագրողին լուսանկարը առնուած է Հալէպի «Ալ Քալլասէ» շրջանին մէջ երբ հրթիռարձակումէ մը ետք երիտասարդ մը փլատակներուն տակէն աղջիկ մը փրկելով ու գրկելով կը փութայ հասնիլ դէպի բուժօգնութեան կէտ: Թերթը, որ այս մասին լուր գրած է նաեւ կը հաղորդէ, որ միջազգային մրցանքի դատակազմին մէջ կան համաշխարահային վարկ վայելող շարք մը պարբերականներու եւ գործակալութիւններու լրագրողներ ու լուսանկարիչներ: Պարրա Ալ Հալապի այս առթիւ թերթին խօսելով ըսած է, որ իր համար ամէնէն կարեւորը Սուրիացի երեխաներու ապրած ծանր պայմանները լոյսին բերելն է, որովհետեւ, իր ըսելով երեխաներն են, որ ամէնէն աւելի կը տուժեն Սուրիոյ մէջ շարունակուող պատերազմէն: Նշենք, որ Պարրա Ալ Հալապիի սոյն նկարը նախօրօք տեղադրուած էր բրիտանական The Indipendant թերթի գլխաւոր ճակատին: