Հալէպահայ երիտասարդ Խաչիկ Աշճեան յուզիչ տեսանիւթ մը տեղադրած է իր էջին, որուն ընդմէջէն կոչ կ՚ուղղէ համայն հայութեան փրկելու համար զիրենք դժուարին վիճակներէն։
«Հանեցէ՛ք մեզի այս քաղաքէն։ Ժողովուրդ կը խնդրեմ օգնեցէք հալէպահայութեան։ Ոչինչ կ՚ուզենք ձեզմէ, փրկեցէք մեզի» կ՚ըսէ Աշճեան նշելով, որ հալէպահայութիւնը յայտնուած է տագնապալի վիճակի մը մէջ։
«Հիմա ժողովուրդը փողոցներն է։ Շատ զօրաւոր էր ցնցումը։ Կը խնդրեմ հալէպահութիւնը հանեցէք այստեղէն։ Որպէս երիտասարդ կը խնդրեմ, որ մեզի հանէք այստեղէն։ Հալէպահայութիւնը իրապէս մահացաւ։ Ձեր հարազատները հանեցէ՛ք կը խնդրեմ»,-եզրակացուցած է Աշճեան նշելով նաեւ, իւրաքանչիւր անհատ ազատ է Հալէպ մնալու որոշում ունենալու։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ այսօր երեկոյեան Հալէպը դարձեալ ցնցուած էր ի հետեւանք Թուրքիոյ Անտիոք քաղաքին մէջ զգացուած երկրաշարժէն։