 
                    Հալէպի Ազգային Առաջնորդարանէն ներս օրերս տեղի ունեցած է կրօնական ժողովի հերթական նիստ։
Նիստին նախագահած է Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար արք. Աշգարեան։
Ստորեւ՝ Առաջնորդարանի դիւանին կողմէ այդ մասին տարածուած լրատւութիւնը։
Երկուշաբթի, 25 Օգոստոս 2025-ին, նախագահութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, ներկայութեամբ՝ հոգեշնորհ հայր սուրբերու եւ արժանապատիւ քահանայ հայրերու, Ազգ. Կրօնական Ժողովը իր հերթական նիստը գումարեց, Ազգային Առաջնորդարանէն ներս։ Ժողովին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան։
Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդը զեկուցեց Ճեզիրէ շրջանէն ներս տարուող եկեղեցական արարողութիւններուն եւ գործունէութիւններուն մասին, նաեւ Ս. Աննայի ուխտի օրուան եւ Ս. Աննա ուխտատեղի մատրան վերօծման նախապատրաստական աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին։ Քահանայ հայրերը զեկուցեցին իրենց ծառայողական աշխատանքներուն մասին։
Սրբազան Հայրը գնահատեց եւ օրհնեց հոգեւորականաց դասը, հրաւիրելով բոլորը, հակառակ առկայ մարտահրաւէրներուն եւ դժուարութիւններուն, ամբողջական նուիրումով եւ զոհողութեամբ ծառայելու ժողովուրդին եւ հասնելու անոնց կարիքներուն։
