image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպ. 2012-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով պատմական «Սահաթ ալ հաթապ» հրապարակը տօնական մթնոլորտի մէջ

  Հալէպ. 2012-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով պատմական «Սահաթ ալ հաթապ» հրապարակը տօնական մթնոլորտի մէջ

Սուրիան եւ մասնաւորաբար Հալէպը հարուածած  պատերազմի  ժամանակ քար ու քանդ եղած  «Սահաթ ալ հաթապ» հրապարակը այսօր տօնական զգեստ հագաւ։

 

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն։

 

 Նշենք, որ Հալէպը շուրջ տեղի ունեցած թէժ մարտերէն ասդին առաջին անգամն է, որ «Սահաթ ալ հաթապ» տօնածառ կ՚ունենայ եւ տօնածառի լուսաւորման արարողութեան մասնակից եղած են Հալէպի բաղկացուցիչ բոլոր համայնքներու ներկայացուցիչները։ 

 

 Սոյն հրապարակը կը համարուի քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու կարեւոր կէտերէն մին եւ անոր շուրջ կը բարձրանան տարբեր համայնքներու եկեղեցիներ եւ վանքեր։

 

 Մասնաւորապէս պատերազմի թէժ ժամանակներուն հրապարակը դարձած էր կռուախնձոր եւ կը համարուէր հատման գիծ մէկ կողմէ ահաբեկչական խմբաւորումներուն եւ միւս կողմէ ալ Հալէպի պաշտպանութիւնը ստանձնած Սուրիոյ բանակին միջեւ։

 

 Կը պատմուի դէպքերու մասին, երբ անմեղ մարդիկ զոհ գացած են ահաբեկիչ արձակազէններու («Քաննաս») կրակոցներուն, որոնք տարածուած էին հրապարակի շուրջ բոլորը ու այդ պատճառով ալ այդ շրջանը կը համարուէր հատման կէտ կամ «Խութութ թամաս»։

Ի դէպ Հալէպի այս հրապարակի վերանորոգումը իրականացուցած է Հալէպի քաղաքապետութիւնը, որ նման հաստատկամ քայլերով կարեւոր ճիգեր կը գործադրէ Հալէպը իր նախապատերազմեան իրադրութեան վերադարձնելու։

 

 Խաղաղ եւ բարօր Հալէպ մը, այնպայմանօրէն կը հանդիսանայ Սուրիոյ կարեւոր մայր երակներէն մին, իսկ Հալէպի հայութեան ամբողջական վերականգնումը կը համարուի Մերձաւոր Արեւելքի հայութեան յոյսի նոր շող բերող կենսատու օճախ։