Օրերս Հ.Մ.Ը.Մ.ի նորընտիր Շրջանային Վարչութեան պատուիրակութիւն մը այցելութիւն տուած է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարան եւ ընդունուած թեմակալ Առաջնորդին կողմէ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմեանի դիմատատերեան էջէն։
Ստորեւ ներկայացուած լրատւութիւնը.-
Երկուշաբթի, Փետրուար 5, 2024ի երեկոյեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը այցելեց Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանին: Հանդիպման ընաթցքին Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւններով ջերմապէս դիմաւորեց նորընտիր կազմը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց յառաջիկայ բոլոր աշխատանքներուն։
Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սերնդակերտ ու
հայակերտ աշխատանքներուն մասին, եւ մաղթեց, որ նորընտիր վարչութիւնը նոր նուաճումներ արձանագրէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի վաստակին մէջ