image

Հ.Մ.Ը.Մ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղը՝ ժողովուրդի կողքին

Հ.Մ.Ը.Մ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղը՝ ժողովուրդի կողքին

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի հիմնադրութեան 90-ամեակի առիթով, կազմակերպութեամբ՝ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդի, օրերս, Պէյրութի մէջ, 9-րդ տարին ըլլալով, տեղի ունեցած է Make A Dish մարդասիրական նախաձեռնութիւնը, որուն հրաւիրուած էին 90 ընտանիքներ: 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի  դիմատետրեան էջէն։

Ստորեւ թղթակցութիւնը ամբողջութեամբ՝

Հաւատարիմ մնալով սկաուտական խոստումին, դաւանանքին եւ տարիներու աւանդութեան, 9-րդ տարին ըլլալով, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին կազմակերպութեամբ, շաբաթ, 28 դեկտեմբեր 2024-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Make A Dish մարդասիրական աշխատանքը:

Այս տարուան Make A Dish նախաձեռնութիւնը նուիրուած էր ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի հիմնադրութեան 90-ամեակին: Առ այդ, նախաձեռնութեան հրաւիրուած էին 90 ընտանիքներ:

Ընտանիքները հիւրընկալելէ ետք, մասնաճիւղի խմբապետական կազմին խօսքը արտասանեց միաւորի խմբապետ Էւա Ղազարեան: Շնորհակալութիւն յայտնելով նախաձեռնութեան նուիրատուներուն` ան ըսաւ, որ նման նախաձեռնութիւններ կը փաստեն, թէ որքա՛ն ալ դժուար ըլլան երկրին մէջ տիրող պայմանները, միութեան աշխատանքը կանգ չ՛առներ ու պիտի չառնէ, այլ հակառակը` աւելի ոգեւորուած եւ աւելի կազմակերպուած պիտի շարունակեն իրենց առաքելութիւնը:

«Իբրեւ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղ` մեզի համար հպարտութիւն է տեսնել հայ ընտանիքներ` Նոր տարուան սեղանի մը շուրջ համախմբուած: Այսօր մենք հաւաքուած ենք ոչ միայն ճաշակելու մեր սկաուտներուն կողմէ պատրաստուած ճաշերը, այլեւ հաւաքուած ենք միասնաբար անցընելու գեղարուեստական ճոխ յայտագիրով լեցուն անմոռանալի երեկոյ մը», ըսաւ ան:

Խօսքի աւարտին մասնաճիւղի վարչութեան, Սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին անունով Էւա Ղազարեան շնորհաւորեց ներկաներուն Նոր տարին եւ Սուրբ Ծնունդը` մաղթելով յաջողութիւն եւ փափաքներու իրականացում, այն յոյսով, որ 2025-ը ըլլայ խաղաղութեամբ եւ ուրախ օրերով լեցուն տարի մը:

Մասնաճիւղի խմբապետական կազմին խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ սկաուտներու կողմէ պատրաստուած կոկիկ գեղարուեստական յայտագիր: Անդամները տօնական երգերով, պարերով, նուագով, զանազան տեսակի խաղերով  եւ բարեմաղթութիւններ յայտնելով` ճոխացուցին երեկոն եւ ստեղծեցին տօնական ջերմ մթնոլորտ: Գեղարուեստական յայտագիրէն ետք ներկաները ճաշակեցին սկաուտներուն կողմէ պատրաստուած տաք ու համեղ ճաշերը եւ միասնաբար ուրախ ժամանակ անցուցին:

Յայտագիրի աւարտին ներկաները դիմաւորեցին «Հայ շեփոր» խումբն ու Կաղանդ պապան, որ նուէրներ տուաւ մանուկներուն:

Նշենք, որ մասնաճիւղի խմբապետական կազմը չբաւարարուեցաւ միայն ընտանիքները հրաւիրելով, այլ նաեւ սկաուտներու կողմէ պատրաստուած տաք ճաշերը փոխադրեցին տուները այն ընտանիքներուն, որոնք կամքէ անկախ պատճառներով կարողութիւնը չունէին ներկայանալու խրախճանքին: