image

«Գործ ունենք ինձ եւ պաշտպանական համակարգը վարկաբեկելու մոլեռանդ ցանկութեան հետ». Տօնոյեան

«Գործ ունենք ինձ եւ պաշտպանական համակարգը վարկաբեկելու մոլեռանդ ցանկութեան հետ». Տօնոյեան

ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեան, անդրադառնալով 2021 թուականի Հոկտեմբեր 11-ի յայտարարութեան մէջ նշուածին, թէ՝ «գործ ունինք բանսարկութեան դասական օրինակի հետ», ըսած է, որ բանսարկուները անոնք են, որունց տրամադրած տեղեկութիւններուն հիման վրայ յարուցուած է քրէական գործ, առաջադրուած է մեղադրանք, կալանաւորուած են նախկին եւ գործող պաշտօնեաները։ «Բանսարկուները նրանք են, ում զեկոյցների հիման վրայ, ինչպէս նշուեց ԱԺ ամպիոնից, «քաղաքական կամք է դրսեւորուել էդ կարգի գործերի բացայայտման համար»։ Ընդ որում, նախաքննության աւարտից յետոյ չհաստատուեցին նախկին եւ գործող պաշտօնեաների, ԱԺ նախկին եւ գործող պատգամաւորների փաստարկները, որոնք ուղիղ շահագրգռուածութիւն են ունեցել անձնապէս իմ դէմ վերոյիշեալ տեղեկութիւնների տրամադրման եւ զեկուցման հարցում», ըսած է Տօնոյեան: 

Ան յաւելած է, որ նոյնիսկ եթէ իր դէմ անհիմն յարուուված քրէական գործը կարճուէր, ինք պիտի պահանջէր բաց դատավարութիւն՝ հանրութեան նախաքննութեան անհիմն մեղադրանքները ներկայացնելու նպատակով։

Տօնոյեան ըսած է. «Մինչ այս պահը ես զսպուածութիւն եմ պահպանել քաղաքական գործընթացներում ներգրաւուելու առումով եւ դրա մասին է եղել իմ փաստաբանների յայտարարութիւնը։ Դեռեւս առիթներ կ'ըլլան հանրութեան ներկայացնելու իմ պարզաբանումները 44-օրեայ պատերազմի վերաբերեալ՝ ստեղծուելիք քննիչ յանձնաժողովների միջոցով, ի հարկէ, եթէ ապահովուի վերջինիս աշխատանքի առարկայականութիւնն ու անկողմնակալութիւնը»:

ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարարը նշած է, որ պատրաստ է կրելու իր բաժին պատասխանատուութիւնը, բայց միայն իր ըրածին եւ ոչ թէ չըրածին համար, աւելցնելով, որ ըստ իրեն «մի բան յստակ է, որ գործ ունենք ինձ եւ պաշտպանական համակարգը վարկաբեկելու մոլեռանդ ցանկութեան հետ։ Դրա վառ ապացոյցն է այն, որ գործում ունենալով տեղեկութիւններ, որ «անպիտան» որակուած հրթիռները գտնուել են ժամկէտի մէջ, անգամ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքում են կիրառուել եւ լուծել մարտական խնդիր»: