Թրքական «Գորշ գայլեր» ազգայնական կազմակերպութիւնը տեսանիւթ հրապարակած է՝ սպառնալով իսրայէլցի մարզիկներուն, որոնք պիտի մասնակցին 2024 թուականին Փարիզի մէջ կայանալիք Ողիմպիական խաղերուն:
Տեսանիւթին մէջ 1972 թուականին Միւնխենի Ողիմպիական խաղերու քատրերն են, ուր «Սեւ Սեպտեմբեր» ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամները սպանեցին Իսրայէլի ողիմպիական հաւաքականի 11 անդամներ։
2024 թուականի ամառնային Ողիմպիական խաղերը (XXXIII Ամառնային Ողիմպիական խաղեր) պիտի կայանան Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ՝ յուլիսի 26-էն օգոստոսի 11-ը։