image

Գոնկրէսէն կարեւոր որոշում. Պէտք է ազատ արձակուին հայ բոլոր ռազմագերիները

Գոնկրէսէն կարեւոր որոշում. Պէտք է ազատ արձակուին հայ բոլոր ռազմագերիները

ԱՄՆ Գոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատը ընդուած է Թոնի Քարտենասի, Ատամ Շիֆի եւ Պրետ Շերմանի առաջարկած օրէնսդրական փոփոխութիւններու նախագիծը, որ կը պահանջէ Ատրպէյճանէն ազատ արձակել բոլոր հայ ռազմագերիները: 

Բացի այդ, Քարտենաս-Շիֆ-Շերման փոփոխութիւններու նախագիծը կոչ կ'ընէ զեկոյց պատրաստելու Ատրպէյճանի կողմէ դրսեւորուած պատերազմական յանցագործութիւններու, այդ շարքին՝ հայ քաղաքացիներու դէմ անթոյլատրելի զինամթերքի եւ սպիտակ ֆոսֆորի օգտագործման մասին:

Նախագիծը կը պահանջէ նաեւ հետաքննութիւն իրականացնել թրքական անօդաչուներուն մէջ ամերիկեան արհեստագիտութիւններու օգտագործման վերաբերեալ, որոնք կիրառուած են 2020 թուականի Արցախեան պատերազմի ընթացքին՝ թիրախաւորելու հայ բնակչութիւնը:

Նախագիծի համահեղինակներն են գոնգրէսականներ Ճեքի Սփիրը, Էնտի Լեւինը, Գաս Պիլիրաքիսը, Զոյի Լոֆկրենը, Ֆրանք Փալոնը, Ճեն Շչաքովսքին, Տէյվիտ Վալատոն, Ճուտի Չուն, Աննա Էշուն, Քեթի Փորթըրը, Եանկ Քիմը, Ռաճա Քրիշնամուրթին, Տինա Թիթուսը: