image

Գլխատել եւ գլուխը ցուցադրել.«Թալեպան»ի նոր արարքը

Գլխատել եւ գլուխը ցուցադրել.«Թալեպան»ի նոր արարքը

Աֆղանիստանի մէջ իշխանութեան հասած «Թալեպան» արմատական շարժման անդամները գլխատած են վոլիպոլի կանանց հապաքականի անդամը ու կտրուած գլխուն լուսանկարները հրապարակած են ընկերային ցանցերու վրայ:

Քապուլի վոլիպոլի քաղաքային ակումբի ծագող աստղ Մահճապին Հաքիմին ճիհատականներու կողմէ գլխատուած է ամսուան սկիզբը: Այս մասին յայտնած է անոր մարզիչը՝ The Persian Independent-ի հետ հարցազրույցին ընթացքին:

Աֆղանիստանի մէջ գործող Payk Հետաքննող լրագրողական կեդրոնը հաստատած է, որ Մահճապինը «գլխատած են թալեպները՝ Քապուլի մէջ»։ 

Աղջկան մահուան մասին միայն այժմ կը հաղորդուի, քանի որ, ըստ մարզիչին, իսլամիստ գրոհայինները սպառնացած են ընտանիքին, որ անոնք մէկուն չըսեն կատարուածին մասին: Մարզիչը, երբ սարսափելի պատկերը տեսած է համացանցին մէջ, որոշած է բարձրաձայնել:

«Վոլիպոլի հաւաքականի բոլոր խաղցողները եւ մնացեալ մարզուհիները վատ վիճակի մէջ են եւ յուսահատութեան ու վախի մէջ են: Բոլորը ստիպուած եղած են փախչիլ եւ կ'ապրին անյայտ վայրերու մէջ», ըսած է մարզիչը: