image

Պէյրութի մէկ դրամատան գրաւումը եւ ... Լիբանանահայութեան «կորսուած» դրամագլուխը

Պէյրութի մէկ դրամատան գրաւումը եւ ...  Լիբանանահայութեան «կորսուած» դրամագլուխը

Թէ ո՞ւր գացած են այդ գումարները, ինչո՞ւ լիբանանեան թղթոսկին այսպիսի մեծ անկումի առջեւ է, եւ ի վերջոյ երկար տարիներու վստահութիւն շահած Լիբանանի դրամատուները ինչո՞ւ այս օրին հասան, ցարդ  յստակ չէ։ 

Այս հարցերուն պատասխանները ժողովուրդին բաց կերպով տալու փոխարէն Լիբանանի քաղաքացիները զբաղած են «իրար միս ուտելով», մինչ երկիրը հիւծած տագնապները օրէ օր աւելիով կը ստուարանան ու կ՚աճին։ 

Այս բոլորէն անդին, երէկ եղած դէպքը, ունի նախադէպ մը ըլլալու վատ երեսակ մը, որ կրնայ վարակիչ դառնալ ու տեղ մըն ալ լիբանանցիներուն յուշել, որ «տես եթէ քու ձեռքովդ չլուծես քու հարցդ, ապա պետութիւնդ պիտի «ուտէ» քու տարիներու վաստակ ՝ փողդ եւ աւանդդ»։ 

Հոս է թաղուած «շան գլուխ»ը ու երէկ եղած զարգացումը, կրնայ Լիբանանի մէջ նոր մոխարգոյն փուլի մը նախերգանքը դառնալ, որուն «ճամբով» ալ երկրի օրինապահ ու ցարդ կանգուն մնացած մարմիններուն կրնայ տրուիլ վերջին տապալման առաջին հարուածը։ 

 

 

 

Լուսանկարին մէջ երեւցողը շարքային լիբանանցի ՝Պասէմ Ալ Շէյխ Հիւսէյնն է, որ երէկ իր արարքով հիմնական օրակարգ դարձաւ Լիբանանի, ինչու չէ նաեւ արաբական աշխարհի ԶԼՄ-ներուն մէջ։ 

Հիւանդ հայր (գրեթէ մահամերձ) ունեցող երիտասարդը առաւօտեան ժամերուն կը ներխուժէր Պէյրութի Համրա թաղամասին մէջ գտնուող «Ֆէտէրալ» դրամատուն եւ զէնքի ուժով կը սպառնար դրամատան մէջ գտնուող աշխատակիցներուն։

Խնդիրը, եթէ մակերեսային կտրուածքով դիտարկել փորձենք, պիտի գանք այն եզրակացութեան, որ Պասէմ Ալ Շէյխ Հիւսէյնը, ընդամէնը արկածախնդիր մըն է, որ փորձած է զէնքի դիմելով «լուծել» իր հարցերը, երկրի մը մէջ, ուր տնտեսական եւ ընկերային տագնապները վաղուց արդէն հատած են ընդունելիի բոլոր «կարմիր գիծեր»ը։ 

Սակայն իրականութեան մէջ եղածը աւելին է, քան այն ինչ մեզմէ շատերը կարողացան տեսնել, այն ալ յենելով հեռատեսիլներու կամ «օնլայն» հարթակներու սփռումներուն վրայ։ 

Առաւօտեան կանուխ ժամերէն ընթացք առած այս «գործողութիւնը», «բարեյաջող» աւարտ մը կ՚ունենար։   Դրամատուն ներխուժած  երիտասարդը բանակցութիւննէր «կը վարէր»  դրամատան  ղեկավարութեան հետ  եւ  իր պահանջած  մայր  գումարին ( որ ըստ իր հարազատ եղբօր յայտարարութիւններուն 210 հազար ամն տոլար էր)  փոխարէն ստանար 35 հազար տոլարի գումար մը։ 

Իրաւապահ մարմիններ, որ պաշարած էին դրամատունը  կը  սպասէին  երիտասարդը,  «կը դիմաւորէին» զինք եւ կը տանէին  հարցաքննութեան,  նաեւ կարգ մը հաւաստիացումներով, որ  անոր դէմ  քրէական գործ  պիտի չյարուցուի։

Երիտասարդի վերջնական  ճակատագիրը, տակաւին  չէ պարզուած, սակայն աւելի քան  յստակ է, որ իրաւապահ  մարմիններն ալ  ձեւով  մը   պիտի խուսափին  այս  ապօրինի արարքը   քրէական  դաշտ  տանելու  մօտեցումներէն, հեռու  մնալով    երկրին մէջ  քաղաքացիական նոր տագնապ մը  ստեղծելու վտանգէն։

Պիտի լուծէ՞ այդ գումարը, երիտասրդի հօր հարցերը դեռ պարզ չէ, սակայն մտահոգիչն այն է, որ յար եւ նման հազարաւոր լիբանանցիներուն ան կարողացաւ իր անահտական «նախաձեռնութեամբ» իր հարցերը, իր ձեռքերով լուծել։

Դրամատուներու խնդիրը խորքին մէջ նորութիւն մը չէ լիբանանցիներուն համար, որոնք անցնող երեք տարիներուն յայտնուեցան ճակտի քրտինքով վաստակած գումարները դրամատուներէն ստանալու խնդրին առջեւ։ 

Պատկան մարմիններ, մեծ մասը քաղաքական վերնախաւին մաս կազմող, մինչեւ հիմա կը հերքեն առկայ փաստերը, որ լիբանանցիներու ունեցած գումարները «օդին տրուած են» եւ ձեւով ալ ի չիք դարձած։

Անոնք գուցէ «կը սարսափին» այդ մասին յայտարարութիւններ ընելէ եւ խնդիրն ու գործուած մեղքը մէկը միւսին վրայ բարդելով պարզապէս ժամանակ կը շահին։

Թէ ո՞ւր գացած են այդ գումարները, ինչո՞ւ լիբանանեան թղթոսկին այսպիսի մեծ անկումի առջեւ է, եւ ի վերջոյ երկար տարիներու վստահութիւն շահած Լիբանանի դրամատուները ինչո՞ւ այս օրին հասան, ցարդ  յստակ չէ։ 

Այս հարցերուն պատասխանները ժողովուրդին բաց կերպով տալու փոխարէն Լիբանանի քաղաքացիները զբաղած են «իրար միս ուտելով», մինչ երկիրը հիւծած տագնապները օրէ օր աւելիով կը ստուարանան ու կ՚աճին։ 

Այս բոլորէն անդին, երէկ եղած դէպքը, ունի նախադէպ մը ըլլալու վատ երեսակ մը, որ կրնայ վարակիչ դառնալ ու տեղ մըն ալ լիբանանցիներուն յուշել, որ «տես եթէ քու ձեռքովդ չլուծես քու հարցդ, ապա պետութիւնդ պիտի «ուտէ» քու տարիներու վաստակ ՝ փողդ եւ աւանդդ»։ 

Հոս է թաղուած «շան գլուխ»ը ու երէկ եղած զարգացումը, կրնայ Լիբանանի մէջ նոր մոխարգոյն փուլի մը նախերգանքը դառնալ, որուն «ճամբով» ալ երկրի օրինապահ ու ցարդ կանգուն մնացած մարմիններուն կրնայ տրուիլ վերջին տապալման առաջին հարուածը։ 

Այս բոլորէն անդին, կայ անշուշտ Լիբանան ապրող մեր հայրենակիցներուն պարագան, որոնցմէ շատ-շատերը «գերի» են այդ դրամատուներուն ձեռքը, ու ճար ալ չունին փրկելու համար իրենց ունեցուածքը։ 

Այդ ալ ուրիշ խոր վէրք մըն է, որուն լուծումները դեռ կը յամենան, այնքան ատեն, որ Լիբանանի ընդհանուր տագնապները չեն լուծուած ու շրջանային առումով ալ մեծ համաձայնութիւններու փուլը տակաւին երեւելի չէ։

 

 Սագօ Արեան 

«Յուսաբեր»

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...