image

Գիւմրիի մէջ 23 անձ ձերբակալուած է

Գիւմրիի մէջ 23 անձ ձերբակալուած է

Գիւմրիի մէջ քաղաքապետարանի մօտէն այսօր ձերբակալուած եւ համայնքային ոստիկանութեան տարածքային ստորաբաժանումներ տեղափոխուած է 23 անձ. Radar Armenia-ին յայտնած են ՀՀ ներքին գործոց նախարարութենէն։

Նշենք, որ այսօր Գիւմրիի քաղաքապետարանին մէջ իրականացուած են քննչական գործողութիւններ: Մինչ այդ բազմաթիւ քաղաքացիներ հաւաքուած էին քաղաքապետարանի մօտ՝ փորձելով կանխել Վարդան Ղուկասեանի ձերբակալութիւնը: Իրաւապահներու եւ քաղաքացիներու միջեւ տեղի ունեցած են բախումներ, որու հետեւանքով շարք մը անձինք բերման ենթարկուած են։