Հացահատիկի գործարքէն դուրս գալէ ետք Ռուսիան երթալով ստիպուած կ'ըլլայ օգտագործել «ստուերային նաւատորմը»՝ հին ու փոքր նաւերը, որոնք կը շահագործուին քիչ յայտնի նաւերու գործարկուներու կողմէ, գիւղատնտեսական ապրանքներ արտահանելու համար։ Այս մասին գրած է Reuters-ը՝ վկայակոչելով ծովային տասը ապահովագրողներու, վաճառականներու եւ բեռնափոխադրող ընկերութիւններու հետ զրոյցներու ընթացքին ձեռք բերուած տուեալները:
Նաւագնացութեան ոլորտի մէջ երեք աղբիւրներ գործակալութեան յայտնած են, որ թրքական ու չինական ընկերութիւնները սովորաբար կը շահագործեն ռուսական «ստուերային նաւատորմը»:
Ըստ Shipfix հարթակի՝ յուլիսին Ռուսիոյ Դաշնութիւնը սկսած է աշխուժօրէն վարձակալել նաւեր փոքր կազմակերպութիւններէ, որոնց հետ միջազգային խոշոր վաճառականները չեն աշխատիր։ Գիւղմթերքներու արտահանման համար նաւերու վարձակալման ռուսական յայտերու թիւը յուլիսին աճած է 40%-ով՝ հասնելով 257-ի։
Գործակալութեան երեք աղբիւրներ յայտնած են, որ Սեւ ծովու նաւահանգիստներ մեկնող ռուսական նաւերու ապահովագրութիւնը Ռուսիոյ վրայ կը նստի ամէն օր տասնեակ հազարաւոր տոլարներու ապահովողչէքեր:
Նշուած է, որ վերջին օրերուն Սեւ ծովուն մէջ ռազմական գործողութիւններու աշխուժացման պատճառով ապահովագրական դրոյքաչափն աճած է։ Իրավիճակին ծանօթ աղբիւրը Reuters-ին ըսած է, որ գործարկուները օրական 10,000 տոլար աւելի կը պահանջեն ռուսական ապրանքներու տեղափոխման համար, քան Պուլկարիայէն եւ Ռումինիայէն ապրանքներու նմանատիպ բեռնափոխադրումներու համար։
Ռուսական հացահատիկ արտահանողներու միութեան ղեկավար Էտուարտ Զերնինը գործակալութեան յայտնած է, որ բեռնափոխադրումներու եւ ապահովագրութեան ծախսերու աճը կրնայ յանգեցնել գիւղատնտեսական ապրանքներու համաշխարհային գիներու բարձրացման։ Երկու անանուն աղբիւրներ գործակալութեան յայտնած են, որ Սեւ ծովու մէջ թէժացումը, ամենայն հաւանականութեամբ, կը յանգեցնէ Ռուսիայէն հացահատիկի արտահանման նուազման:
Ռուսիոյ գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը Reuters-ին յայտնած է, որ 2023/24 շրջանին կը կանխատեսէ ռուսական հացահատիկի արտահանման 8% անկում՝ նախորդ շրջանի համեմատ։ Զերնինը կանխատեսած է արտահանման անկում 44-45 միլիոն թոնով։
Reuters-ը, յղում ընելով VesselsValue-ին, նշած է, որ շատ ռուսական չոր բեռնատար նաւերու տարիքը (շահագործուող 31-էն) աւելի քան 30 տարեկան է, որ կը դժուարացնէ որոշ նաւահանգիստներու մուտքը, ուր պահանջները կը խստացուին՝ կախուած նաւու տարիքէն։