image

Գիշերային յարձակման հետեւանքով Պելկորոտի մէջ վնասուած են քաղաքացիական կառոյցներ

Գիշերային յարձակման հետեւանքով Պելկորոտի մէջ վնասուած են քաղաքացիական կառոյցներ

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ գիշերը Պելկորոտի մարզին մէջ խոցուած է RM-70 «Վամփիր» համազարկային կրակի հակազդող համակարգի տասը արկ:

Նահանգապետ Վիաչեսլաւ Կլատքովը տեղեկացուցած է, որ Պելկորոտի մէջ յարձակման պատճառով վնասուած են 12 բարձրայարկ շէնք, մանկական դարմանատուն, մարզական համալիր եւ առեւտրային ձեռնարկութիւն:

Պելկորոտի շրջանին մէջ այրած է մէկ առանձնատուն, վնասուած է չորս բարձրայարկ շէնքեր եւ հինգ առանձնատուն: Անոր խօսքով՝ տուժածներ չկան: