image

Ղազախստանի մէջ աւարտած են «Biplestik-2024» զօրավարժութիւնները, որուն կը մասնակցէր նաեւ Ատրպէյճանը

Ղազախստանի մէջ աւարտած են «Biplestik-2024» զօրավարժութիւնները, որուն կը մասնակցէր նաեւ Ատրպէյճանը

Աւարտած են Ղազախստանի, Ատրպէյճանի, Ղրղըզստանի, Տաճիկստանի եւ Ուզպեքստանի զինուած ուժերու համատեղ «Biplestik-2024» զօրավարժութիւնները։

Վերոնշեալ հինգ երկիրներու ռազմական ղեկավարները ժամանած են Կասպից ծովուն մէջ գտնուող Թոքմաք հրուանդան եւ հետեւած զօրավարժութիւններու վերջին մարտավարական դրուագներուն։

Ըստ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան՝ զօրավարժութիւններու մասնակիցները գործողութիւններ կատարած են Կասպից ծովու ափամերձ գօտիին մէջ պայմանական անօրինական զինուած խմբաւորումներու ոչնչացման ուղղութեամբ՝ «մասնագիտօրէն եւ ճշգրտութեամբ կատարելով իրենց առջեւ դրուած խնդիրները»։

Նշուած է, որ մասնակից երկիրներու զինուորական ղեկավարները դրական գնահատած են զօրավարժութիւններու ընթացքը, ժամանակակից ռազմական սարքերու եւ միջոցներու արդիւնաւէտ օգտագործման մասնակիցներու հմտութիւնները, ինչպէս նաեւ զինծառայողներու մասնագիտական պատրաստուածութիւնը։

Զօրավարժութիւնները մեկնարկած էին յուլիս 8-ին։ «Biplestik-2024»-ին մասնակցած են  շուրջ չորս հազար զինուորականներ, ինչպէս նաեւ մինչեւ 700 միաւոր ռազմական սարքեր։