image

Ղարաբաղի մէջ առաջին անգամ պիտի ցուցադրուի 50 մեթրանոց Ռուսատանի դրօշակը

Ղարաբաղի մէջ առաջին անգամ պիտի  ցուցադրուի 50 մեթրանոց Ռուսատանի դրօշակը

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ՌԴ Պետական դրօշին նուիրուած միջոցառում տեղի ունեցած է, որ սկսած է դրօշի բարձրացման արարողութեամբ: Այս մասին ըսուած է ՌԴ ՊՆ տեղեկագրին մէջ:

«22 Օգստոստին մենք կը նշենք մեր երկրի Պետական դրօշի օրը, այդ տօնը կոչուած է միաւորելու բոլորը անոնց, որոնք նուիրուած են իրենց հայրենիքին, որւնց համար թանկ է իրենց երկրի, ժողովուրդի պատմութիւնը»,-անձնակազմին դիմած է ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի փոխհրամանատար զօրավար-մայոր Օլեկ Եկորովը:

Հանդիսաւոր արարողութեան մասնակցած են խաղաղապահներն ու կամաւորները: «Այսօր Լեռնային Ղարաբաղի պատմութեան մէջ առաջին անգամ խաղաղապահ զօրակազմի մշտական տեղակայման տարածքին մէջ տօնական միջոցառում տեղի ունեցած է ՌԴ դրօշի օրուայ առթիւ, ՌԴ-էն բերուած է ռուսական 50 մեթր երկարութեամբ եւ 5 մեթր լայնութեամբ դրօշը: Այն ցուցադրուած է ողջ անձնակազմին»,- ըսած է Եկորովը:

Միջոցառումը աւարտած է 50 մեթրանոց դրօշի՝ հանդիսաւոր երթով ցուցադրմամբ եւ ռազմահայրենասիրական երգերու կատարմամբ: