Անոնք երկու եղբայրներ են , երկու նուիրեալ մարդիկ։ Նուիրեալ էին հայ թատրոնին, հայ բեմին, հայ խօսքին եւ հայ կեանքին։
Գէորգը աւագն էր, իսկ Զօհրապը կրտսերը։
Գէորգը մեկնեցաւ այս աշխարհէն, այն բացառիկ համոզումով, որ ծառայած է այն արժէքներուն, որ ասկէ տարի առաջ կայմուած էին Պուրճ Համուտի ամենանեղ թաղամասերուն եւ ամենանյայտ տուներուն մէջ։
Բարի յիշատակ Գէորգին եւ բարի երթ, իր ջահը լուսաւոր պահողներուն։
Օրերս Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Պէյրութի 80-ականներու հայկական բեմին ու թատրոնին սիրուած անուններէն մին՝ Գէորգ Նալպանտեանը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ հանգուցեալի մտերիմներէն, որոնք նաեւ տեղեկացուցին, որ վերջին ամիսները դժուար ամիսներ եղան ծանր հիւանդութիւնէն բռնուած մեր հայրենակիցին։
Զօհրապ Եագուպեանի հիմնադրած «Մեղուներու խումբ»ով ընթացք առած Գէորգ Նալպանտեանի թատերական երթը շարունակուած է մինչեւ մեր օրերը, երբ ան համագործակցած է Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի բեմադրիչ՝ Յակոբ Տէր Ղուկասեանին, ինչպէս նաեւ «Թեաթրոն» թատրոնի հիմնադիր-բեմադրիչ Սուրէն Խտըշեանին հետ։
Եռանդով եւ ժպիտով ապրող, բարեացակամ, բայց մանաւանդ թատրոնի համար հոգի տուող Գէորգին համար, թատերական կեանքին մաս կազմելը համազօր էր քաղցր պարտականութեան եւ ուղենշային էր նաեւ այն, որ ան ոչ մէկ ատեն զատողութիւն դրած էր հայկական միութիւններուն կամ թատերական միաւորներուն միջեւ։
Սիրուած էր շրջապատէն եւ այսօր իր բացակայութիւնը աւելի գան որեպէ ժամանակ զգալի պիտի դառնայ մասնաւորապէս անոնց մօտ, որ հակառակ ծանր պայմաններուն կը շարունակեն բարձր պահել Պէյրութի ոսկեդար ապրած թատրոնին բարձր ջահը։
Յաւերժ յիշատակ կ՚ըսենք Գէորգի յիշատակին յուսալով, որ լիբանանահայ գաղութի իր ընկերներն ու հարազատները դեռ առիթ պիտի ունենան իր գործը լաւագոյնսա գնահատելու։
Նշենք նաեւ 1955-ի ծնունդ (67 տարեկան) Գէորգ Նալպանտեանի յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնները կատարուած են շաբաթ Նոր Մարաշ թաղամասի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուած է Պուրճ Համուտի Ազգային Գերեզմանատուն։