image

Գերյ. Հ. Եղիա Ծ. Վրդ. Գիրէջեանի շիջումը. Վախճանեալ Վարդապետը Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Թորոնթոյի ժողովրդապետն էր

Գերյ. Հ. Եղիա Ծ. Վրդ. Գիրէջեանի շիջումը. Վախճանեալ Վարդապետը Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Թորոնթոյի ժողովրդապետն էր

Օրերս  Ի Տէր հանգած է , ԱՄՆ-ի ու Գանատայի Թորոնթօ քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Գերյ. Հ. Եղիա Ծ. Վրդ. Գիրէջեանը։

Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք  այս մեծ կորուստին առթիւ Գանատայի հայ Կաթողիկէ Թեմի հրապարակած մահագրութիւնը՝

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութիւնը, ԱՄՆ-ի ու Գանատայի « Տիրամայր Նարեկի » Հայ Կաթողիկէ Թեմը, եւ Թորոնթոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետութիւնը խոր կսկիծով կը գուժեն վախճանումը՝ Թորոնթոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հ. Կ. եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Գերյ. Հ. Եղիա Ծ. Վրդ. Գիրէջեանին, որ յետ երկարատեւ հիւանդութեան, իր հոգին աւանդեց առ Հայր, Երկուշաբթի 26 Յունուար 2026-ին, երեկոյեան ժամը 5:05-ին համանուն Եկեղեցւոյ Քահանայատան մէջ։

Նախագահութեամբ Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ` Արհի. Տէր Միքայէլ Եպս. Մուրատեանի կատարուելիք յուղարկաւորութեան արարողութեան մանրամասնութիւնները պիտի հաղորդուին յառաջիկայ օրերուն։

Մեր աղօթքը կը բարձրացնենք առ Աստուած՝ յաւիտենական հանգիստ հայցելով հոգելոյս Գերյարգելի Հօր հոգւոյն համար։

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։