Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի պաշտօնական էջէն «Արեւելք» վերահասու դարձաւ, որ օրերս Թեմէն ներս եւ նախագահութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեանի գումարուած է հոգեւորականաց հերթական ժողով։
Այս առթիւ ալ Թեմի պաշտօնական կայքը հրապարակած է լրատւութիւն մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝
Երեքշաբթի, 22 Փետրուար 2022-ին, առաւօտեան ժամը 9.30-ին, Միացեալ Նահանգաց Արեւմտեան Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշնորհ Տ․ Յովնան Ս. Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի գլխաւորութեամբ, Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնին առիթով Առաջնորդանիս Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ մէկտեղուել էին ինչպէս Թեմէն ներս իրենց ծառայութիւնը բերող, այնպէս ալ հանգստեան կոչուած հոգեւորականութիւնը։
Նախքան ժամերգութեան մեկնարկը, ողջոյնի խօքով հանդէս եկաւ Մայր Տաճարի հոգեւոր հովիւ՝ Արժ․ Տ․ Խաժակ քհնյ․ Շահպազեանը, որմէ յետոյ օրուան խորհուրդին համահունչ իր խորհրդածութինը ներկաներուն փոխանցուց՝ Սէաթըլի Ս․ Յարութիւն Հայց․ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ․ Տ․ Վազգէն քհնյ․ Պօյաճեանը։
Ապա Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ առաւօտեան ժամերգութիւն, որի աւարտին հոգեւորականաց թափօրը օրուան խորհուրդը փոխանցող շարականներու հոգեպարար երգեցողութեամբ՝ շարժուեցաւ դէպի Մայր Տաճարի գաւիթին մէջ զետեղուած Թեմի հանգուցեալ եկեղեցականներու յիշատակը յաւերժացնող յուշատախտակին առջեւ, ուր կատարուեց հոգեհանգստեան պաշտօն անոնց հոգիներու խաղաղութեան եւ հանգստութեան համար։
Ժամերգութեան աւարտին Առաջնորդարանի «ՀԱՄԲԱՐ» սրահին մէջ մեկնարկուեցաւ այս տարուան Հոգեւորականաց ժողովին անդրանիկ ընդլայնուած նիստը։ Միասնական Տէրունական աղօթքէն յետոյ բացման խօսքով հանդէս եկաւ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Յովնան Ս․ Արք. Տէրտէրեան եւ ժողովի քննարկմանը բերուած գլխաւոր նիւթերէն առաջ ներկայացուց ընդարձակ զեկոյց մը՝ բաղկացած քսանէ աւելի կէտերէ։ Սրբազան Հայրը ի շարս այլ նիւթերու անդրադարձաւ նաեւ Արեւմտեան Թեմի 95 ամեակի, Թեմական Պատգամաւորական Ժողովի, Քահանայական թեկնածուներու, Թեմի հրատարակութիւններուն, ACYO, CYMA, Reclaim եւ այլ հարցերու, ապա հրաւիրեց օրուան բանախօսները, ովքեր հերթաբար ներկայացուցին իրենց զեկոյցները:
Առաջին զեկոյցի նիւթը` «Աստուածպաշտութիւն, Ծիսական Պաշտամունք եւ Քրիստոնէական Կեանք», (Հոգշ․ Տ. Տաճատ ծ. Վրդ. Եարտըմեանը):
Երկրորդ զեկոյցի նիւթը` «Եկեղեցական Աղօթքը իբր Հոգեւոր Ապրում» (Արժ․ Տ․ Վազգէն Քհնյ․ Մովսէսեան)։
Երրորդ զեկոյցի նիւթը՝ «Սուրբ Պատարագին մասնակցութիւնը եւ ներգործությունը հաւատացեալի կեանքին մէջ» (Արժ․ Տ․ Աւետիս Քհնյ․ Աբովեան)։
Օրուան բանախօսները արժէքաւոր հղումներով, ինչպէս նաեւ մանրամասնութեամբ ներկայացուցին նիւթերը՝ սպառիչ պատասխանելով նաեւ իրենց ուղղած հարցերուն։
Ապա կէսօրուան ճաշի հատումէն ետք սկիզբ առաւ ժողովին երկրորդ նիստը, որի ընթացքին, եկեղեցականները խորութեամբ անդրադարձ կատարեցին նաեւ ծիսական, ու գործնական այլ հարցերու, որոնք հովուական կեանքի մէջ մնայուն ներկայութիւն ունին։
Ժողովին Առաջնորդ Սրբազան Հօր հրաւերով մասնակից դարձան նաեւ՝ Գերշ․ Պարգեւ Արք․ Մարտիրոսեանը, ինչպէս նաեւ Արարատեան Հայրապետական Թեմէն ժամանած՝ Արժ․ Տ․ Գրիգոր Քհնյ․ Գրիգորեանը, ով Երեւանի մէջ կը համակարգէ դաուն համախտանիշով երեխաներու «Արեւ խնամքի կեդրոնի» աշխատանքները։
Ժողովի վերջաւորութեանը Առաջնորդ Սրբազան Հայրն իր դրուատանքի խօսքն ուղղեց ներկայ եկեղեցականաց իրենց յանձնառութեան եւ նուիրեալ ծառայութեան համար, ինչպէս նաեւ յորդորեց, որպէսզի անոնք Ղեւոնդեանց եւ Վարդանանց աննկուն ոգով շարունակէն ծառայել «Վասն Հաւատոյ եւ Վասն Հայրենաց»։
Հուսկ ամենայնի՝ ժողովն աւարտուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Հայր Մեր» եւ «Պահպանիչ» աղօթքներով։